Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աշխարհահռչակ Հայազգի Գործիչները Կը Նախաձեռնեն Ողջ Աշխարհի Հայերը Կապող Առցանց Հարթակ Ստեղծել

Աշխարհահռչակ Հայազգի Գործիչները Կը Նախաձեռնեն Ողջ Աշխարհի Հայերը Կապող Առցանց Հարթակ Ստեղծել

by MassisPost

Աշխարհահռչակ հայազգի գործիչներ՝ «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանը, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը, «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Էրիք Գրիգորեանը, «Synopsys» ընկերութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Երուանդ Զօրեանը մշակած են գաղափար՝ ստեղծելու նոր առցանց հարթակ՝ «High connect» անուանմամբ, որ իրար կը կապէ ամբողջ աշխարհի հայերը: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ գաղափարի հեղինակները այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ կայացող Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ:

«Պիտի ստեղծենք համահայկական առցանց հարթակ` «Հայ քոննեքթ»-ը, որ թոյլ կու տայ ամբողջ աշխարհի մէջ տարբեր հետաքրքրութիւններու տէր հայերը կապելու»,-ըսած է Սերժ Թանքեանը:

Սերժ Թանքեանը նշած է, որ աշխատանքի ընթացքը, որպէս այդպիսին, դեռ չեն ծրագրած, ընդհանուր գաղափարը զարգացուցած են: «Տարիներու ընթացքին մտածած ենք՝ ինչպէս ընել, որ Հայաստանը գրաւիչ ըլլայ ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ միւսներու համար: Մենք կը մտածէինք՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի հայերը կապել: Եւ շատ մտածելէ, խօսելէ ետք եկանք այն եզրակացութեան, որ օգտագործենք մեր համատեղ հետաքրքրութիւնները՝ ստեղծելու փոքր հանրութիւններ»,-ներկայացուցած է Թանքեանը:

Ան օրինակ բերած է՝ հայ լրագրողը կրնայ գտնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայ լրագրողները:

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանը նշած է՝ անուանումը շատ լաւ է՝ նկատելով, որ անոր մէջ կայ «հայ» բառը:

Ալեքսիս Օհանեանը նշած է՝  իրենք հասկացած են, թէ ինչքան բախտաւոր են, որ այսքան հնարաւորութիւններ ունին: «Մենք մեր ասպարէզներէն պէտք է քաղենք մեր դասերը եւ զանոնք օգտագործենք այս հարթակի համար, որպէսզի հայերը ամբողջ աշխարհի, սփիւռքի մէջ կարողանան օգտուիլ այդ կապէն ու բարգաւաճին»,-ըսած է Օհանեանն ու նշած՝ ընդհանուր տեսլականը կը միաւորէ իրենց:

Ան նկատած է՝ կան ցանցեր, ուր հայերը, այսպէս թէ այնպէս, կրնան կապուիլ իրար հետ, բայց իրենք կ’ուզեն յատուկ տարածք ստեղծել, ուր կ’ըլլան մարդիկ, որոնք գիտեն, թէ ինչ կը փնտռեն, ինչ ըսելիք ունին: Օհանեանը շեշտած է՝ այս նախաձեռնութիւնը բոլորի համար է, ասով կ’ուզեն հեշտացնել հաղորդակցութիւնը, այն շահոյթ չի հետապնդեր:

Էրիք Իսրայէլեանը նշած է, որ գաղափարը քննարկած են գրեթէ 1 տարի, սակայն այդ մասին մտածած են աւելի երկար:«Իրօք հիանալի կ’ըլլայ նման կապի հարթակ ունենալ, Հայաստանի մէջ ոչ միայն արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ, այլ նաեւ կ’ապահովուի կապը Հայաստանի եւ տարբեր վայրերու հայերու միջեւ: Շատ նուիրուած ենք այս գաղափարին, մեր ամբողջ փորձը պիտի ներդնենք»,-ըսած է Իսրայէլեանը:

Ան նկատած է՝ հայերը սփռուած են շատ երկիրներու մէջ, պէտք է կապ, եւ այդ առցանց հարթակը թոյլ կու տայ բոլորը կապել իրար, ինչու չէ՝ նաեւ համագործակցիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment