Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Առաջնորդութեամբ, Հայաստանը Կ’ամրապնդէ Իր Դիրքերը Աշխարհի Մէջ. Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ

Նիկոլ Փաշինեանի Առաջնորդութեամբ, Հայաստանը Կ’ամրապնդէ Իր Դիրքերը Աշխարհի Մէջ. Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ

by MassisPost

Քոնկրէսական Ատամ Շիֆը յայտարարած է, որ իր համար պատիւ էր միանալ հայկական ծագմամբ հազարաւոր ամերիկացիներուն եւ Լոս Անճելոսի մէջ, ողջունել վարչապետ Փաշինեանը:

«Երեւանը կրնայ ըլլալ Հայաստանի մայրաքաղաքը, սակայն ես կը կարծեմ՝ բոլորը կը համաձայնին, որ Լոս Անճելոսը կը համարուի հայկական սփիւռքի մայրաքաղաքը: Քոնկրէսի իմ բազմաթիւ գործընկերներու եւ ամբողջ Լոս Անճելոսի մէջ իմ ընկերներուս հետ միասին մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յոյսով կը հետեւէի, թէ ինչպէս Հայաստանը Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ժողովրդավարական վերածնունդ վերապրեցաւ: Ելլելով այդ քաոսային իրավիճակէն՝ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումն ու ազատ ու արդար ընտրութիւններու իրականացումը ցոյց կու տան հայկական ժողովրդավարութեան ուժն ու կայունութիւնը: Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանը կը խորացնէ եւ կ’ամրապնդէ իր միջազգային կապերը: Հպարտ եմ, որ կը ներկայացնեմ նման մեծ հայ-ամերիկեան հանրութիւն ունեցող շրջանը եւ կը շարունակեմ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատանքները»,- Ֆէյսպուքի էջին գրած է Շիֆը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment