Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Քաղաքացիութեան Դիմողներու Թիւը Կրկնապատկուած է

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Դիմողներու Թիւը Կրկնապատկուած է

by MassisPost

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կտրուկ աւելցած է ԱՄՆ-էն՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ փափաքող քաղաքացիներուն թիւը:

Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսարան տուեալներով՝ վերջին երկու տարիներու ընթացքին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ ցանկացողներու թիւը կրկնապատկուած է:

«Ամերիկայի Ձայն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ անկախութենէն ի վեր ՀՀ քաղաքացիութեան եւ երկքաղաքացիութեան ձեռքբերման վերաբերեալ կառավարութեան մօտեցումները փոխուած են: Հայաստանը ունի երկքաղաքացիութեան մասին օրէնք, որ ընդունուած է 2007-ին եւ լրամշակուած՝ 2017-ին, համաձայն որուն, ՀՀ քաղաքացիները իրաւունք ունին մէկէն աւելի քաղաքացիութիւն ունենալու:

«Մենք ունինք Սփիւռք, եւ մեր հայրենակիցներէն շատերը կ՛ուզեն ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն: Անոնք օրէնքով սահմանուած կարգով կ՛օգտուին այդ իրաւունքէն: Յեղափոխութենէն ետք մեր հայրենակիցներուն համար բոլորովին փոխուեցան ձգտումները, ընկալումները, Հայաստանին կը նային այլ աչքով, մեծ փափաք ունին Հայաստանի հետ կապուելու: Քաղաքացիութիւն կամ երկքաղաքացիութիւն ունենալը այդ ձեւերէն մէկն է»,- ըսած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Պայպուրթեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment