Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանները Կ՛այցելեն Լոս Անճելըս

Հայաստանի Եւ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանները Կ՛այցելեն Լոս Անճելըս

by MassisPost

Հայ Փաստաբաններու Միութեան հրաւէրով Լոս Անճելըս այցելեցին Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպաններ՝ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան, որոնք մասնակցեցան Միութեան տարեկան համագումարին ու հանդէս եկան զեկոյցներով:

Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս, դեսպան Արմէն Պայպուրթեան

Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս, դեսպան Արմէն Պայպուրթեան

Ի պատիւ զոյգ հիւրերուն, Յուլիս 1-ին, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն հրաւիրուած էին համայնքէն ներս գործող կրօնական, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններու առաջնորդներ ու ղեկավարներ, Կլէնտէլի Քաղաքապետարանի անդամներ, ինչպէս նաեւ մամուլի ներկայացուցիչներ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Գլխաւոր Հիւպատոս, դեսպան Արմէն Պայպուրթեան, Ուոշինկթոնի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Պր. Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հայ Փաստաբաններու միութեան անունով՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան՝ Արտակ Բեգլարեան

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան՝ Արտակ Բեգլարեան

Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպաններ՝ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան իրենց շնորհակալական խօսքերուն մէջ անդրադարձան իրենց առաքելութեան ու նպատակներուն, որոնց գծով կը տանին մեծ աշխատանք, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներու մարդկային իրաւունքները ըլլան պաշտպանուած: Երկու պաշտպաններն ալ յայտնեցին թէ, իրենք պետութենէն անկախ էն ու կը գործեն ապակուսակցական մօտեցումով:

Անոնք յայտնեցին թէ, այս ուղղութեամբ կը համագործակցին նաեւ Լոս Անճելըսի Հայ Իրաւաբաններու Միութեան եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment