Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պելառուս Միշտ Պատրաստ Է Ձեր Առջեւ Իր Դռները Բանալու». Արմէն Սարգսեան Մինսքի Մէջ Հանդիպած Է Լուքաշենքոյի Հետ

«Պելառուս Միշտ Պատրաստ Է Ձեր Առջեւ Իր Դռները Բանալու». Արմէն Սարգսեան Մինսքի Մէջ Հանդիպած Է Լուքաշենքոյի Հետ

by MassisPost

Մինսքի մէջ կայացած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Պելառուսիայի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը:

Հայաստանի հետ բացարձակապէս փակ թեմաներ չկան, հանդիպման ընթացքին ըսած է Լուքաշենքօն՝ աւելցնելով՝ Պելառուսիան միշտ պատրաստ է Հայաստանի առաջեւ բանալու դռները:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքէջի, Լուքաշենքօն տեղեկացուցած է, որ մինչ հանդիպումը հեռախօաազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: «Ան զանգած էր ինծի՝ Սինկափուր այցէն առաջ եւ խնդրած առաջին հերթին ողջոյնները փոխանցել նախագահին, ինչին ի պատասխան ես ըսի, որ մենք մտադիր չենք անոր շտապեցնել վերադառնալ Հայաստան, յատկապէս որ ան զբաղուած է Հայաստանի համար կարեւոր գործով», – ըսած է Պելառուսիայի նախագահը:

Խօսելով երկու երկիրներու համագործակցութեան մասին՝ նախագահ Լուքաշենքօն ըսած է. – «Այսօր մենք թէպէտ մեծ ապրանքաշրջանառութիւն չունինք, սակայն տարեկան 50 միլիոն ԱՄՆ տոլարի առեւտուր ընելը վատ շարժ չէ, եթէ այն համեմատենք նախկին ցուցանիշներու հետ: Գագիկ Ծառուկեանի ընկերութեան հետ մենք կազմակերպած ենք հայ-պելառուսական առեւտուրի տան աշխատանքը, եւ ինչպէս ինձ զեկուցած են, Պելառուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան 30-40 տոկոսը կ’իրականացուի անոր միջոցով: Այսինքն, մենք արդէն ստեղծած ենք համատեղ ձեռնարկութիւններ ու պատրաստ ենք շարունակել ընթանալ այս ճանապարհով»:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նշանակալի իրադարձութեան՝ Եւրոպական երկրորդ խաղերու փակման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրի համար եւ նշած.

«Մեծապէս տպաւորուած եմ թէ՛ միջոցառման մաշտապներով, թէ՛ կազմակերպուածութեամբ ու կարգապահութեամբ: Նախկին խորհրդային տարածքին մէջ Պելառուսիան կը շարունակէ յստակ ուղղութիւններով համարուիլ ախոյեան: Այն, ինչ տեսայ՝ կազմակերպուածութիւնը, կարգապահութիւնը, տպաւորիչ է: Շատ հաւնեցայ այն, որ Պելառուսիան շատ երկիրներէ առաջ է անով, որ հասկացեր է, որ ապագային՝ 21-րդ դարու իրականութիւնն ու համացանցի (վիրտուալ) իրականութիւնը իրար պիտի փոխլրացնեն: Դուք ունիք տեսլական ու իմաստնութիւն՝ նայելու դէպի ապագան: Առանց ապագայի տեսլականի դժուար է ներկան կառուցել», – մասնաւորապէս ըսած է Արմէն Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment