ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամբը 17 Մայիսէն չեղեալ յայտարարած է Թուրքիոյ հետ առեւտուրի արտօնեալ ռեժիմը՝ յայտարարելով, թէ հանած է Թուրքիոյ արտօնութիւններու ծրագրի շահառուներու ցուցակէն:
Այսպիսով Միացեալ Նահանգները Թուրքիան այլեւս չի դիտարկեր որպէս զարգացող երկիր:
«Ռոյթըրզ»-ի փոխանցմամբ, Ուաշինկթընի այս յայտարարութենէն ետք, թրքական լիրան սկսած է արժեզրկուիլ:
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կտրուկ սրուած են Անգարայի կողմէ ռուսական C -400 զէնիթա-հրթիռային համալիրներու ձեռքբերման գործարքի պատճառով:
Ամերիկեան կողմը կտրականապէս դէմ է Անգարայի կողմէ ռուսական արտադրութեան հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման` պնդելով, որ անոնք անհամատեղելի են ՆԱԹՕ-ի Հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգի հետ:
Թրքական կողմը, սակայն, կը շարունակէ հակադարձել, որ C-400 համակարգերը պիտի գործեն անկախ եւ բնաւ պիտի չօգտագործուին ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկուն դէմ: