Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Կ’աջակցի Հայաստանի Համար Բարգաւաճ Ապագայ Կառուցելու՝ Փաշինեանի Ջանքերուն ․Ճոն Պոլթըն

ԱՄՆ-ը Կ’աջակցի Հայաստանի Համար Բարգաւաճ Ապագայ Կառուցելու՝ Փաշինեանի Ջանքերուն ․Ճոն Պոլթըն

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը Թուիթըրի իր էջին գրառում կատարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախօրէին ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին:

«Երէկ ես զանգեր էի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որպէսզի շնորհաւորեմ անոր վերանշանակման կապակցութեամբ եւ ողջունեմ Հայաստանի ժողովուրդին դեկտեմբերին իրականացուած ազատ եւ անկախ ընտրութիւններու կապակցութեամբ: ԱՄՆ-ը կ’աջակցի Հայաստանի համար բարգաւաճ ապագայ կառուցելու՝ անոր ջանքերուն», – գրած է Պոլթընը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս տեղեկացուցած էր հեռախօսազրոյցի մասին՝ գրառում կատարելով իր ֆէյսպուքեան էջին: Փաշինեանը մանրամասնած էր, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային իրավիճակին եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ յատուկ շեշտած էր, որ Արցախի հարցին անդրադարձ չէ եղած:

Տանըլտ Թրամփի խորհրդականը Հայաստան ժամանած էր անցած հոկտեմբերին, հանդիպած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

«Ազատութեան» հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը յայտարարած էր, թէ ԱՄՆ-ը, Թրամփի վարչակազմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները որպէս բարձր առաջնահերթութիւն կը դիտարկեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment