Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Դասուած է «Ամենամեծ Առաջընթաց Արձանագրած» Երկիրներու Շարքին

Հայաստանը Դասուած է «Ամենամեծ Առաջընթաց Արձանագրած» Երկիրներու Շարքին

by MassisPost

Բրիտանական Economist intelligence unit -ը, վերլուծելով աշխարհի մէջ անցած տարի տեղի ունեցած ժողովրդավարական զարգացումները, Հայաստանը դասած է յաղթողներու եւ ամենամեծ առաջընթացը արձանագրած երկիրներու շարքին:

Հեղինակաւոր կեդրոնը նշած է. «2018-ին՝ խաղաղ իշխանափոխութենէն ետք, Հայաստանը մէկ անգամէն ութ կէտով բարելաւած է դիրքերը եւ այժմ կը զբաղեցնէ 103-րդ հորիզոնականը 167 երկիրներու շարքին»:
Ժողովրդավարութեան վերաբերեալ այս գնահատականը փորձագէտները կու տան` նկատի առնելով հինգ հիմնական չափորոշիչ` ընտրութիւններու արդարութիւնը, բազմակարծութիւնը, քաղաքական մշակոյթը, կառավարման արդիւնաւէտութիւնն ու հասարակութեան աշխոյժութիւնը քաղաքական դաշտի մէջ։
«Բոլոր այս ոլորտներուն մէջ Հայաստանը անցած տարի զգալիօրէն բարելաւած է դիրքերը», – արձանագրած է Economist intelligence unit -ը:

Անցած տարուան առաջընթացը, ի դէպ, աննախադէպ է Հայաստանի համար եւ ամենամեծը այս ուսումնասիրութեան մեկնարկէն՝ 2006 թուականէն ի վեր: Տասը միաւոր համակարգով, մասնաւորապէս, անցած տարի Հայաստանը ստացած է 4,79 միաւոր՝ նախորդ տարուընէ գրեթէ մէկ միաւորով աւելի, այն պարագային, երբ տարիներ շարունակ կա՛մ տեղը կը մնար, կա՛մ՝ նահանջ կ’արձանագրէր:

«Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ վարչապետի աթոռին նստելով իշխանութիւնը պահելու փորձի դէմ սկսած թաւշեայ յեղափոխութիւնը յանգեցուց Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի պաշտօնին նշանակման», -արձանագրած է բրիտանական հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնը՝ աւելցնելով․ – «Փաշինեանի դաշինքը ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, եւ ձայներու գերակշռող մեծամասնութիւն ստացաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս զարգացումները, ինչպէս նաեւ Փաշինեանի հակակաշառակերային արշաւը բարելաւեցին Հայաստանի գնահատականները կառավարութեան հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան ոլորտներուն մէջ: Այդ փոփոխութիւններու արդիւնքով էապէս բարելաւուած է նաեւ կառավարութեան ու քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ Հայաստանի քաղաքացիներու վստահութիւնն ու կաշառակերութեան ընկալման ցուցիչը», – յայտարարած է բրիտանական հանդէսի վերլուծական կեդրոնը:

Հետազօտութեան թիւերը կը փաստեն, որ ամենամեծ առաջընթացը արձանագրուած է կառավարութեան արդիւնաւէտ աշխատանքի ոլորտին մէջ. այստեղ Հայաստանը 2018-ի յեղափոխութենէն ետք ստացած է նախորդ տարուընէ գրեթէ երկու անգամ աւելի բարձր գնահատական:

«Փութինեան դրածոն արտաքսուեցաւ՝ առանց գէթ մէկ զոհի: Անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ գտնուող այս հնագոյն եւ յաճախ վատ ղեկավարներ տեսած ազգը այժմ ժողովրդավարութեան եւ արդիականացման հնարաւորութիւն ձեռք բերած է», – արձանագրած էր հեղինակաւոր հանդէսը։

Ի տարբերութիւն Հայաստանի, հարեւան Վրաստանը անցած տարի ժողովրդավարութեան առումով զգալի անկում արձանագրած է: Ատրպէյճանը որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրած՝ Պելառուսի, Տակիկստանի եւ Թուրքմենստանի հետ մնալով բռնապետական երկիրներու շարքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment