Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քարականտայի Միջադէպի Շուրջ Հակահայ Կիրքերը Չեն Մարիր

Քարականտայի Միջադէպի Շուրջ Հակահայ Կիրքերը Չեն Մարիր

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը կը պնդէ՝ Ղազախստանի Քարականտա քաղաքին մէջ հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը կենցաղային քրէական երեւոյթ է, որուն ազգամիջեան նրբերանգ տալու որեւէ փորձ պէտք է խստօրէն բացառել:

Մէկ մարդու մահուան պատճառ դարձած աղմկայարոյց միջադէպի կապակցութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը. փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը ընդգծած է՝ ղազախական կողմէն տրուած են բոլոր հաւաստիացումները, որ պիտի ձեռնարկուին եւ արդէն կը ձեռնարկուին համապատասխան միջոցներ՝ իրավիճակի վերահսկման եւ նմանօրինակ պոռթկումներու վերացման ուղղութեամբ:
Ծեծկռտուքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, որ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ղազախստանցի պաշտօնակիցին հետ: Ասքար Շաքիրով եւս անթոյլատրելի համարած է դէպքին ազգամիջեան որեւէ երանգ կամ բնոյթ տալը, կը փոխանցէ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը:

Շուրջ շաբաթ մը անցած է եւ Քարականտայի մէջ տեղի ունեցած ծեծռկտուքի շուրջ կիրքերը չեն մարիր: Բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած միջադէպը, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, տեղի ունեցած է Ամանորի գիշերը քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ երիտասարդներու երկու խումբերու միջեւ: Դանակով հասցուած հարուածներու հետեւանքով 23-ամեայ տղամարդ զոհուած է, քանի մը հոգի տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց:

Ղազախստանի ոստիկանութեան փոխանցմամբ, միջադէպի մասնակիցներէն երեքը հայեր են. ծանր յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած են Թորգոմ Մալխասեանը եւ Սոխակ Մալխասեանը, գործով անցնող Նարեկ Գուրուրեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է: Ընդհանուր առմամբ՝ ծեծկռտուքի ինը մասնակիցներէն ութը ձերբակալուած է:

Ղազախստանի իրաւապահ մարմինները տարածած հաղորդագրութեան մէջ հերքած են շրջանառուող ենթադրութիւնները, թէ ծեծկռտուքը ազգամիջեան բնոյթ կրած է: Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ թէ՛ յարձակողներու, թէ՛ յարձակման ենթարկուածներու շարքին տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ կային:

«Ազատութեան» Current Time հեռուստանախագիծի Ղազախստանի թղթակիցը նշած է, որ ողբերգական միջադէպէն մէկ շաբաթ անցած է, սակայն իշխանութիւնները այդպէս ալ յստակ չեն պարզաբաներ արիւնալի իրադարձութեան հանգամանքներն ու պատճառները: Աղբիւրը կը նշէ, որ կենցաղային հողի վրայ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը հանրային ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած է եւ կիրքեր բորբոքած է ոստիկանութեան եւ ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուած հաղորդագրութիւններէն ետք:
Միջադէպէն գրեթէ անմիջապէս ետք համացանցի մէջ յայտնուած են տեսանիւթեր եւ իրաւապահներու ամփոփագրերը՝ կասկածեալներու անձնական տուեալներով: Շեշտը դրուած էր միջադէպի մասնակիցներու ազգային պատկանելութեան վրայ, ինչը բացասական հնչեղութիւն ստացած է, որու հետեւանքով տեղի հայկական համայնքը հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է, փոխանցած է Current Time-ի թղթակիցը:

«Ազատութեան» ղազախական ծառայութեան փոխանցմամբ՝ նախօրէին Քարականտա քաղաքին մէջ բազմամարդ ցոյցի մասնակիցները մտավախութիւն յայտնած են, թէ մեղաւորները անպատիժ կը մնան, անոնք կը կաշառեն իրաւապահները եւ կը յայտնուին ազատութեան մէջ:

«Ոչ ոք կ’ազատի. այդ գործը կը գտնուի հանրային եւ իշխանութեան բարձր օղակներու վերահսկողութեան տակ: Հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, մինչեւ յանցագործները պատժուին», – ցուցարարներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած էր Քարականտայի շրջանի ղեկավար Երլան Քոշանովը՝ հաւաստիացնելով, որ երեք օրուան ընթացքին կը ձերբակալուի նաեւ հետախուզման մէջ գտնուող գլխաւոր կասկածեալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment