Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լուսաւոր Հայաստանին» Փոխնախագահի Լծակ Տրամադրելով՝ Իշխանութիւնը կը Վախնայ Մեզ Ուժեղացնել. Գորգիսեան

«Լուսաւոր Հայաստանին» Փոխնախագահի Լծակ Տրամադրելով՝ Իշխանութիւնը կը Վախնայ Մեզ Ուժեղացնել. Գորգիսեան

by MassisPost

«Լուսաւոր Հայաստանին» Ազգային ժողովի փոխնախագահի լծակ տրամադրելով՝ իշխանութիւնը կը վախնայ ուժեղացնել կուսակցութիւնը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է «Լուսաւոր Հայաստանի» պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանը:

«Միգուցէ նաեւ այս մտավախութիւնը ունի նաեւ իշխող ուժը՝ չուժեղացնելու «Լուսաւոր Հայաստանին», որովհետեւ մենք բաւական պատկառելի կազմով ներկայացուած ենք լինելու եւ առանց այդ էլ լինելու ենք ուժեղ ընդդիմութիւն: Միգուցէ վախենում են էլ աւելի ուժեղացնել «Լուսաւոր Հայաստանին», լծակներ տալ՝ այսպէս ասած», – մեկնաբանած է Գորգիսեանը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած էր, որ Ազգային ժողովի 3-րդ փոխխօսնակի ընտրութեան պարագայինպէտք է գործէ այն սկզբունքը, թէ որ ուժը աւելի շատ ձայներ ստացած է: Ընտրութիւններուն ստացած քուէով խորհրդարանին մէջ երկրորդ տեղը կը գրաւէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստանը» երրորդն է:

Սահմանադրութեամբ նման սկզբունք ամրագրուած չէ, եւ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածուին նախապատւութիւն տալը քաղաքական որոշում է, կը պնդէ Գէրոգ Գորգիսեանը. – «Այստեղ քաղաքական որոշում է, ու ուրիշ բաներով դա քողարկել եւ ծածկել, կարծում եմ, չարժէ: Ուղղակի պէտք է յստակ կանգնել ու յայտարարել, որ մենք որոշում ենք կայացրել, որ այս տեղը նուիրում ենք «Բարգաւաճ Հայաստանին»: Թէ չէ ինչոր տարբեր տրամաբանութիւններ փորձել այդտեղ դնել անիմաստ է»:

Սահմանադրութեամբ նախատեսուած է Ազգային ժողովի երեք փոխխօսնակի պաշտօն, որոնցմէ մէկը պէտք է զբաղցնէ ընդդիմադիր որեւէ խմբակցութեան ներկայացուցիչ: «Իմ քայլը» դաշինքը արդէն յայտարարած է, որ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին պիտի առաջադրէ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնը, փոխխօսնակներու պաշտօնին Ալեն Սիմոնեանի եւ Լենա Նազարեանի թեկնածութիւնը:

«Բարգաւաճ Հայաստանը» թեկնածու առաջադրելու մասին յայտարարած է, բայց թեկնածուի անունը՝ ոչ: Իսկ «Լուսաւոր Հայաստանը» դեռ Դեկտեմբերին յայտարարած էր, որ Աժ երրորդ փոխխօսնակի իրենց թեկնածուն Մանէ Թանդիլեանն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment