Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սկզբունք Պէտք է Գործէ, որ Ընդդիմութենէն ԱԺ Փոխնախագահը Ընտրուի այն Կուսակցութենէն, որ Ընտրութիւններուն Աւելի Շատ Ձայն Հաւաքած է. Ն. Փաշինեան

Սկզբունք Պէտք է Գործէ, որ Ընդդիմութենէն ԱԺ Փոխնախագահը Ընտրուի այն Կուսակցութենէն, որ Ընտրութիւններուն Աւելի Շատ Ձայն Հաւաքած է. Ն. Փաշինեան

by MassisPost

Չենք քննարկած Կառավարութեան հաւանական կազմը. խմբակցութեան կանոնադրութիւնը եւ անոր հետ կապուած հարցեր կը քննարկէինք: Այս մասին ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչ կը վերաբերի հարցին, թէ ԱԺ փոխնախագահի պաշտօնը ընդդիմութենէն որ ուժինը պէտք ըլլայ, Փաշինեան ըսած է. «Խմբակցութիւնում այդ հարցի քննարկմանը չենք հասել, բայց սկզբունք պէտք է գործի, որ ընդդիմութիւնից ԱԺ փոխնախագահն ընտրուի այն կուսակցութիւնից, որն ընտրութիւններին աւելի շատ ձայն է հաւաքել»:

Անդրադառնալով Ղազախստանի Քարականտա քաղաքին մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ տեղի ունեցած մահուան ելքով բախման միջադէպին, Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածի հարազատներուն:

«Ուզում եմ ընդգծել, որ այդտեղ չի կարող լինել ազգամիջեան որեւէ քոնթեքսթ, որովհետեւ որքան ինձ են զեկուցել, բախում ունեցած երկու խմբերն ազգային առումով միատարր չեն եղել, եւ դանակահարող խմբի մէջ ազգութեամբ ղազախ քաղաքացի է եղել»,- ըսած է ան եւ նշած, որ վարկածներ եւ լուրեր կը դրուին շրջանառութեան մէջ եւ կոչ ըրած է լրագրողներուն ստուգել զանոնք:

Անդրադառնալով կազի գինի խնդրին եւ գնահատականին, որ առկայ բանակցութիւնները ՀՀ իշխանութիւններու պարտութիւնն կը համարուի, Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Մենք շարունակելու ենք բանակցութիւնները եւ ամէն ինչ անելու ենք մեր երկրի շահերը պաշտպանելու համար: Իսկ ի՞նչն է պարտութիւնը»,- ըսած է ան: Ինչ կը վերաբերի Իրանէն կազ բերելուն, վարչապետի պաշտօնակատարը ըսած է, որ այդ հարցը միշտ քննարկուած է, կը քննարկուի եւ պիտի քննարկուի, քանի դեռ յստակ եւ ձեռնտու լուծում չէ գտնուած

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment