Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Վարչապետի այլ Թեկնածու Չըլլայ, Մենք եւս Պիտի Չառաջադրենք.Ալեն Սիմոնեան

Եթէ Վարչապետի այլ Թեկնածու Չըլլայ, Մենք եւս Պիտի Չառաջադրենք.Ալեն Սիմոնեան

by MassisPost

Եթէ վարչապետի այլ թեկնածու չըլլայ, Փաշինեանի թեկնածութիւնը չեն առաջադրեր։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը՝ աւելցնելով, որ պիտի գործեն ըստ իրավիճակի։

Որպէսզի գործող Ազգային ժողովը արձակուի, խորհրդարանը երկու անգամ պէտք է չընտրէ վարչապետ:

Ըստ Սահմանադրութեան, վարչապետ չընտրուելու պարագային նոր ընտրութիւնը կ’իրականացուի քուէարկութենէն եօթ օր ետք: Փաշինեանը չէր բացառեր թէ՛ առաջադրուելու, թէ՛ չառաջադրուելու տարբերակը:

«Ասեմ, որ առաջին անգամ նշուած էր քուէարկութիւն բառը, եւ որպէսզի տեղիք չտանք տարբեր խօսակցութիւններին եւ տարակարծիք մեկնաբանութիւններին, որոշում կայացուեց առաջադրուելու, եւ այդ ճանապարհը ընտրուեց, որին մենք ականատես եղանք։ Երկրորդի պարագայում նման նշում չկայ եւ կը գործենք ըստ իրավիճակի, որովհետեւ եթէ ունենանք մի իրավիճակ, որ առաջադրուելու կարիք լինի, կարծում եմ, դա շատ արագ կը կազմակերպուի»,- ըսած է Ալեն Սիմոնեանը։

Հարցին, թէ խօսքը հնարաւոր այլ թեկնածուի մասին է, պատգամաւորը պատասխանած է, որ շատ քիչ հաւանական կը համարէ եւ գրեթէ կը բացառէ այլ թեկնածու ըլլալը՝ աւելցնելով, որ եթէ այլ թեկնածու չըլլայ, Փաշինեանի թեկնածութիւնը եւս չեն առաջադրեր։

Եթէ առաջին ընտրութեան պարագային վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններն ունին, ապա երկրորդ անգամ թեկնածու կրնան առաջադրել պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդը՝ այսինքն 35-ը:

Եթէ Փաշինեանը առաջադրելու հարց առաջանայ, 31 հոգինոց Ծառուկեան խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զօհրապեանը վստահեցուցած է՝ իրենք պիտի աջակցին «Ելք»-ին։

Վարչապետի նոր ընտրութիւնը, Ալեն Սիմոնեանի հաշուարկներով, տեղի պիտի ունենայ 31 Հոկտեմբերին: Կ’ակնկալեն, որ խորհրդարանը այդ օրը եւս վարչապետ չընտրեր, ինչէն ետք պիտի արձակուի: Արտահերթ ընտրութիւնները, պատգամաւորի խօսքով, դեկտեմբերի սկիզբը պիտի իրականացուին, ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էր Փաշինեանը:

«8, 9, 10 Դեկտեմբերի, մօտաւորապէս եմ ասում՝ հաշուարկով», – ըսած է Ալեն Սիմոնեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment