Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ Քայլը» Դաշինքը Քուէներու 81% Յաղթած է Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

«Իմ Քայլը» Դաշինքը Քուէներու 81% Յաղթած է Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու յաջորդ օրը՝ ինչպէս օրէնքը կը սահմանէ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նիստ գումարեց եւ ամփոփեց քուէարկութեան նախնական արդիւնքները։

Արձանագրութիւնը կազմուած է, կնիքով վաւերացուած։ Ըստ այդմ՝ ընտրութիւններուն մասնակցած 12 քաղաքական ուժերէն երեւանցիներն իրենց առաւելագոյն քուէն տուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աջակցութիւնը վայելող «Իմ քայլը» դաշինքին։ Անոնց քաղաքապետի թեկնածուն դերասան Հայկ Մարութեանն է։

294 հազար 109 քուէներով «Իմ քայլը» դաշինքն այս պահուն բացարձակ առաջատարն է։ Երկրորդ հորիզոնականին վրայ «Բարգաւաճ Հայաստան»ն է, որ ստացած է 25 հազար 219 քուէ եւ եռեակը եզրափակած է «Լոյս» դաշինքը՝ 18 հազար 112 քուէով։ Մնացած 9 քաղաքական ուժերը անգամ չեն յաղթահարած անցողիկ շեմը եւ հաւաքած են 1 տոկոսէն քիչ մը աւել կամ պակաս ձայներ։

Երեւանի աւագանին ունի անդամներու 65 մանդատ, որոնք, դատելով նախնական արդիւնքներէն, պիտի բաշխուին երեք առաջատար ուժերու միջեւ։ Ըստ Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ ներկայացուած մեխանիզմին, «Իմ քայլը» դաշինքը աւագանիի մէջ պիտի ունենայ 57 մանդատ,, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը՝ 5, իսկ «Լոյս»-ը՝ 3 մանդատ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment