Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ՀՅԴ-ի Եւ «Ծառուկեանի» Պատգամաւորներու Միջնորդութիւնը Վերլուծելու Կարիք Ունի». Փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան

«ՀՅԴ-ի Եւ «Ծառուկեանի» Պատգամաւորներու Միջնորդութիւնը Վերլուծելու Կարիք Ունի». Փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան

by MassisPost

«Դաշնակցութիւն» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու որոշ պատգամաւորներու կողմէ Ռ. Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու հարցով միջնորդութիւն ներկայացնելու գործողութիւնը վերլուծելու կարիք կայ: Կը կարծեմ՝ այդ վերլուծական գործընթացը կը բերէ նաեւ որոշակի եզրայանգումներու: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ուղիղ եթերին յայտարարած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը: \

«Դաշնակցութիւն» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնների որոշ պատգամաւորներ որոշել են, որ իրենք պէտք է միջնորդեն, դա իրենց իրաւունքն է: Շատ հանգիստ եմ վերաբերուում, որովհետեւ դա նրանց իրաւունքն է: Այստեղ շատ կարեւոր մի փաստ պէտք է արձանագրել, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը գործադիր մարմնից որեւէ հրահանգ չի ստանում, նա գործում է անկախ, ինչպէս նաեւ չի ստանում որեւէ հրահանգ առաջին ատեանի դատարանըՙ,- նշած է փոխվարչապետը:

Տիգրան Աւինեանի խօսքով՝ դաշնակից գործընկերներու՝ «Դաշնակցութեան» եւ «Ծառուկեան» դաշինքի հետ փոխյարաբերութիւններու ճշգրտման անհրաժեշտութիւն կայ:

Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի 46 պատգամաւոր ստորագրած էր ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ կալանքէն ազատ արձակելու միջնորդութեան տակ: Պահանջին միացած են նաեւ «Դաշնակցութեան» 3 եւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան 1 պատգամաւորներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment