Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թաղային Հեղինակութիւնները Չպէտք Է Ազդեն Ընտրութիւնների Վրայ». Վալերի Օսիպեան

«Թաղային Հեղինակութիւնները Չպէտք Է Ազդեն Ընտրութիւնների Վրայ». Վալերի Օսիպեան

by MassisPost

Ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը խորհրդակցութիւն իրականացուցած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան եւ ենթակայ ստորաբաժանումներու ղեկավար կազմին հետ:

Խորհրդակցութեան նպատակն էր եւս մէկ անգամ յստակացնել, թէ որոնք են ոստիկանութեան գործողութիւնները Երեւան քաղաքի աւագանիի ընտրութիւններուն ընդառաջ, ինչպէս եւ ընտրութիւններու ժամանակ:

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն, Վալերի Օսիպեանը նշած է, որ բաւական աշխատանք կայ ընելու: Ան յիշեցուցած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան տարածած յայտարարութիւնը, որ որոշ քաղաքացիներ փոխելով բնակութեան վայրի հասցէն՝ չեն ներկայացած նոր բնակութեան վայրին մէջ հաշուառուելու համար։ Արդիւնքով`կը  մնան նախկին բնակութեան հասցէիի հաշուառման մէջ, ինչը անհրաժեշտութիւն կ’առաջացնէ, որ ոստիկանութեան ծառայողներն այցելեն բնակարաններ եւ նման դէպքեր արձանագրելու պարագային յորդորեն սեփականատիրոջ դիմել անձնագրային ծառայութիւն` նախկին բնակիչին հաշուառումէն հանելու համար։

Ոստիկանութեան պետը շեշտած է, որ ընտրացուցակներուն մէջ պէտք չէ մահացած մարդոց անուններ ըլլան, ինչպէս եւ այլ անճշտութիւններ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ընտրութիւններն օրինականութեան տեսանկիւնէն պէտք է աննախադէպ մակարդակ ունենան:

Վալերի Օսիպեանն ընդգծած է, որ համայնքային ոստիկաններուն պէտք է աջակցին նաեւ միւս ստորաբաժանումները: Ընտրացուցակները ճշդելու նպատակով բնակարան այցելող ոստիկանը պէտք է համազգեստով  ըլլայ եւ քաղաքացիներուն հետ որեւէ պարագայի շփուի բարեկիրթ ու յարգալից: Ոստիկանութեան պետը անդրադառնալով ընտրութիւններու կազմակերպման գործին մէջ ոստիկանութեան անմիջական մասնակցութեան, յստակ եւ վճռական դիրքորոշում յայտնած է, որ պիտի չհանդուրժէ ընտրական կեղծարարութեան որեւէ դրսեւորում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment