Home ՍՓԻՒՌՔ «Melkonian Global Overture» Կազմակերպութիւնը 11 Կրթաթոշակ կը Յատկացնէ «Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին

«Melkonian Global Overture» Կազմակերպութիւնը 11 Կրթաթոշակ կը Յատկացնէ «Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին

by MassisPost

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Լոս Անճելըսի «Melkonian Global Overture» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութենէն առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ստացած է, որ պիտի յատկացուի այս ամառ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնի ճամբարին մասնակցող երիտասարդներուն։ Տասը հազար տոլարի նուիրատուութիւնը պիտի տրամադրուի տարբեր երկիրներէ (Լիբանան, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Գանատա եւ Ֆրանսա) եկող 11 համալսարանական ուսանողներու արձանագրութեան ծախսերը փակելու։

Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» կրթական նախագծին, որ բաժանմունքի արեւմտահայերէնի ամրապնդման ծրագրին մաս կը կազմէ։ Ան կը կազմակերպուի L’association Mille et un Mondes-ի (Լիոն, Ֆրանսա) եւ Institut National des Langues et Civilisations Orientales-ի (INALCO) (Փարիզ, Ֆրանսա) գործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ճամբարը վկայուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի նախարարութեան կողմէ։

Այս տարի, «Զարմանազան»ը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի ֆրանքեւզուիցերիական Ալպեան լեռներու շրջանին մէջ, 15 Յուլիսէն մինչեւ 9 Օգոստոս։ Անոր պիտի մասնակցին 10-էն 15 տարեկան աւելի քան 50 պատանիներ եւ 16-էն 24 տարեկան 29 երիտասարդներ։ Ճամբարը չորս երկիրներէ եկող 15 ուսուցիչներու յատուկ վարժընթացի բաժին մըն ալ պիտի ունենայ։ Ամբողջ գործունէութիւնը հայերէնով կ’ընթանայ։

«Շատ երախտապարտ ենք այս աջակցութեան համար», յայտնեց Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը։ «Քաջալերական է տեսնել, որ նուիրատուները արդէն կ՚ըմբռնեն «Զարմանազան»ի արժէքը՝ իրենց նիւթական նպաստը բերելով, որպէսզի երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ ճամբարին կարենան մասնակցիլ»։ Արսինէ Շիրվանեանը՝ «Melkonian Global Overture»-էն, աւելցուց. ««Զարմանազան»ը հայերէնի ու հայ մշակոյթի փորձառութիւնը ապրելու նորարար, դրական ու ստեղծագործական հարթակ մըն է երիտասարդութեան համար։ Որոշեցինք այս կրթաթոշակները տրամադրել՝ Գրիգոր ու Կարապետ Մելգոնեաններու յիշատակին, ներշնչուելով անոնց բարեգործութենէն ու աշխարհասփիւռ հայերու կրթութեան օժանդակելու ցանկութենէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment