Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Նոր Զարթօնք» Նախաձեռնութիւնը Աջակցութիւն Յայտնած «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան»

«Նոր Զարթօնք» Նախաձեռնութիւնը Աջակցութիւն Յայտնած «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան»

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ պոլսահայ երիտասարդներու հիմնած «Նոր զարթօնք» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը 24 Յունիսին տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ իր աջակցութիւնը յայտնած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) ու այդ կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու առաջադրուած Սելահաթթին Տէմիրթաշին:

Ձախակողմեան հայեացքներով,  Թուրքիոյ մէջ կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման միջոցառումներով ու բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններով յայտնի «Նոր զարթօնքի» յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Այսօր Թուրքիոյ մէջ վերահսկողական բոլոր մեխանիզմներն ու դատական համակարգը խափանուած վիճակի մէջ են, բանտերը լեցուած են ընդդիմադիրներով, առաջատար լրատուամիջոցները կեդրոնացած են կառավարութեան ձեռքը, խորհրդարանը քաղաքական գործընթացներէն դուրս ձգուած է: Արտակարգ դրութեան պատճառով երկիրը վերածուած է մէկ մարդու համակարգի: Խորացող տնտեսական ճգնաժամը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) կը ստիպէ բռնի ընտրութիւն իրականացնել»:

Նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը, արդարութիւնն ու նմանատիպ այլ արժէքները օր-օրի «կը մաշին»:

Նախաձեռնութեան յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին, ուր նշուած է, որ հայերը պետութեան կողմէն զրկուած են պատրիարք ընտրելու իրենց իրաւունքէն, իսկ Աթէշեանը նշանակուած է որպէս պետութեան դրածոյ:

Յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն կայ նաեւ հայկական եկեղեցիներու ու դպրոցներու պատերուն պարբերաբար յայտնուող ազգայնամոլական ու ցեղապաշտութեան գրութիւններու մասին:

«Այս ամբողջ բացասական պատկերի մէջ ԺԴԿ-ն (HDP) միակ ուժն է, որ կը փոխէ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:

…Հեռուստատեսութեամբ ընդդիմադիր առաջնորդներու ելոյթներու գրաքննութեամբ, թեկնածուներու համար անհաւասար պայմաններով ու արտակարգ դրութեամբ ուղեկցուող այս ընտրութիւններուն մեր թեկնածուն ու մեր յոյսը կրկին Սելահաթթին Տէմիրթաշն է»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment