Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութեան Մասին ֆիլմ Նկարահանած Ֆաթիհ Աքընը «Թուրք Ազգի Թշնամի»

Ցեղասպանութեան Մասին ֆիլմ Նկարահանած Ֆաթիհ Աքընը «Թուրք Ազգի Թշնամի»

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ նկարահանած, ծագումով թուրք, գերմանաբնակ բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընը թուրքական «Tuhaf» հանդէսին հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ մէջ տիրող ցեղապաշտական տրամադրութիւններու մասին։

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, Աքընը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Սպի» ֆիլմի ստամպուլեան ցուցադրութենէն ետք՝ արդէն 3 տարի է ի վեր  Թուրքիայէն հեռացած է։ Բեմադրիչը, Թուրքիոյ մէջ աճող այլատեացութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, ըսած է.

«Թուրքիան ծանր ժամանակաշրջան կ’ապրի, եւ այդ ինծի համար մեծ մտահոգութիւն է։ Ատելութիւնը եւ այլատեացութիւնը թունաւորած են ամբողջ երկիրը։ Թուրքական հասարակութեան մէջ անոնք խոր արմատներ նետած են։ Նախքան՝ բարձր խաւը կը շահագործէր  գաւառականները, հիմա՝  գաւառականները իշխանութիւնը ձեռք առնելով՝ վրէժ կը լուծեն։  Այսօրուայ Թուրքիայէն պէտք է հեռու մնամ. այս պահին  այնտեղ ֆիլմ նկարահանելու մտադրութիւն չունիմ: Եթէ փորձեմ ինչ-որ բան նկարահանել, ամենայն հաւանականութեամբ կը ձերբակալուիմ: «Սպի» ֆիլմէն ետք այնտեղ զիս հաւանաբար ազգի թշնամի կը համարեն»։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ «Սպի» ֆիլմը Հայոց ցեղասպանութեան մասին է: Կը պատմէ տեղահանուած հայի մը՝ մարդինցի դարբին Նազարէթ Մանուկեանի դեգերումներու մասին։ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն  ան կը կորսնցնէ իր երկուորեակ դստերը։ Տարիներ անց, իմանալով, որ անոնք կրնայ ըլլալ ողջ են, ճանապարհ կ’իյնայ զանոնք փնտռելու համար։ Ֆիլմի հեղինակներն են թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընը եւ իրանահայ Մարտիկ Մարտինը։

Ֆիլմի նկարահանումները կատարուած են Յորդանանի, Գանատայի,  Գերմանիոյ, Քուպայի եւ Մալթայի մէջ: Իտալական, ֆրանսական, գերմանական եւ ռուսական համատեղ արտադրութեամբ այս ֆիլմի արտադրական կազմը կը համալրեն Ռուբէն Տիշտիշեան, Քարլ Բաումգարտները, Ռեյնհարտ Պրունինգը, Ֆապիէն Վոնիերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment