Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեանը Լոնտոնի Մէջ Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արմէն Սարգսեանը Լոնտոնի Մէջ Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Լոնտոնի հայկական Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ որպէս Հայաստանի 4-րդ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնբրեսը»։

Յիշեցնելով, որ Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի 4-րդ նախագահի թեկնածու առաջադրուելու առաջարկը ընդունելէ առաջ կարեւորած էր տարբեր շրջանակներու, այդ շարքին՝ սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումները՝ «Արմէնբրես»-ը նշած է, որ ՄԹ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը «պատահական չէր, քանի որ երկար տարիներ այս համայնքի անհատները տարբեր առիթներով շփուած եւ համագործակցած են Արմէն Սարգսեանի հետ»։

Հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ իրեն վստահուած բարձր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ առաջ անհրաժեշտ էր խորհրդակցիլ այս մեծ հայկական ընտանիքին հետ, ինչպիսին է բրիտանահայ համայնքը։

Իր ելոյթին մէջ ան կարեւորած է առաւել ժողովրդավարական երկիր կառուցելու եւ երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման հարցին վերաբերեալ Հայաստանի քաղաքացիներու աշխոյժ մասնակցութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել խորացումն ու ամրապնդումը։

Իր խօսքի աւարտէն ետք Արմէն Սարգսեան լսած է նաեւ ներկաներուն կարծիքները, մտահոգութիւններն ու յուզող հարցերը։

Շատեր իրենց խօսքին մէջ նշած են, որ թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ մասնագիտական առումներով վերջինս լիովին կրնայ այդ պաշտօնի մէջ լաւագոյնս դրսեւորել իրեն, իսկ առկայ լայն կապերն ու հնարաւորութիւնները ծառայեցնել ի շահ Հայրենիքի։

«Բրիտանական հողի վրայ բնակող հայկական մեծ ընտանիքը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արմէն Սարգսեանին եւ կոչ ըրած անոր՝ ի գործ անցնիլ եւ միասնական ուժերով առաջ տանիլ յանուն Հայրենիքի բարօրութեան տարուող անչափ ծանր, բայց եւ՝ պատուելի աշխատանքը», – նշած է «Արմէնբրեսը»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment