Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահը խոստացած էր օրացոյցի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր ամրագրել:
Լրագրողները Չաւուշօղլուէն հետաքրքրուած են, թէ նման որոշման հնարաւոր ընդունումը ինչպէս կ’անդրադառնայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վրայ:
«Եթէ նոյնիսկ այդ հարցը օրակարգ բերուի, կամ չբերուի, ինչ կը փոխուի՞: Ֆրանսան կը խօսի իրաւունքի մասին: Սակայն կայ դատարանի պարզ որոշում: Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը ոչ թէ քաղաքական, այլ իրաւական եզրոյթ է: Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանն ալ այդ հարցի վերաբերեալ իր որոշումը կայացուցած է: Եթէ Ֆրանսան իրաւունքին հաւատար, ապա անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար հարցը օրակարգ բերել: Կայ նաեւ «Տողու Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ նախորդ տարի կայացուցած յստակ վճիռը, որ վեր է երկրի ներքին օրէնսդրութենէն»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը Յունուար 27, 2017-ին չեղել յայտարարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: