Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանին Անօդաչու Սարք Մատակարարած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Զրկուիլ Արտօնագրէն

Ատրպէյճանին Անօդաչու Սարք Մատակարարած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Զրկուիլ Արտօնագրէն

by MassisPost

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ հետաքննել իսրայէլեան «Մաարիւ» թերթին մէջ յայտնուած հրապարակման մէջ նշուած հանգամանքները, համաձայն որոնց, իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան աշխատակիցները հրաժարած են հայկական թիրախներու վրայ ցուցադրել Ատրպէյճանին մատակարարուող նոր անօդաչու սարքերու հնարաւորութիւնները։  Այս մասին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Հայաստան–Իսրայէլ հասարակական ֆորիւմի համանախագահ Ալեքսանտր Ցինքըր։

«Տեղի ունեցած է Իսրայէլի բոլոր սկզբունքներու եւ կանոններու խախտում։ Ես կը կարծեմ, որ հետեւանքներէն մէկը կրնայ ըլլալ ընկերութիւն արտօնագրէ զրկելը։ Խախտուած է ոչ թէ պարզապէս հրահանգը, այլ Իսրայէլ պետութեան սկզբունքը՝ կենդանի թիրախներու ուղղութեամբ զէնք չկիրառել»,– ըսած է Ցինքըր, աւելցնելով, որ ընկերութիւնը փակուած է մինչեւ հետաքննութեան աւարտը։

«Ես շնորհակալ եմ աշխատակիցներուն, որոնք հրաժարած են փորձարկել անօդաչու սարքերը»,– ըսած է Ցինքըր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment