Որքանո՞վ արդարացուած է գանատական սպառազինութեան մատակարարումը Ատրպէյճանին. այս հարցը ծագեցաւ այն բանէն ետք, երբ Գանատայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս արտօնեց երկրին մէջ գործող սպառազինութիւններու արտադրութեամբ զբաղող «INKAS» ընկերութեան զրահամեքենաներ մատակարարել Ատրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի խոշորագոյն հեռարձակող ընկերութիւնը` «CBC»:
Գանատական արտադրութեան զրահամեքենաները նախատեսուած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան համար:
Թորոնթոյի մէջ գործող «INKAS» ընկերութիւնն ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նման համաձայնութեան եկան անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին` պայմանաւորուելով նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ զրահամեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող համատեղ կազմակերպութիւն հիմնել:
«AZCAN» անունը կրող այս կազմակերպութեան ղեկավար Ռոման Շիմոնով «CBC»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է. – «Ատրպէյճան գտնուելով Իրանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հարեւանութեամբ, առանձնայատուկ պետութիւն է թէ՛ աշխարհագրական դիրքի, թէ՛ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէ: Այն այսօր կը ցանկայ պաշտպանական խնդիրներու լուծման նոր ուղիներ գտնել: Խօսքը նաեւ սահմաններու պաշտպանութեան մասին է»:
Աւելի վաղ, սակայն, Օթթաուայի մէջ կայացած սպառազինութիւններու ցուցահանդէսի ժամանակ, գանատա-ատրպէյճանական համատեղ կազմակերպութեան ղեկավարը կը պնդէր, թէ «INKAS» ընկերութեան կողմէ արտադրուած զրահամեքենաները ռազմական գործառոյթներ իրականացնել չեն կրնար:
«Մենք գլխաւորաբար կը կեդրոնանանք այնպիսի արտադրանքի թողարկման վրայ, որուն միջոցով կարգուկանոնի պահպանման ուղղուած խնդիրներ հնարաւոր է լուծել: Մեր զրահամեքենաները մարտադաշտին մէջ որեւէ խնդիր լուծել չեն կրնար», – նշած էր Շիմոնով:
Գանատացի իրաւապաշտպանները մտավախութիւն ունին, որ անգամ եթէ գանատական արտադրութեան զրահամեքենաները չուղարկուին հակամարտութեան գօտի, անոնց առկայութիւնը Ատրպէյճանի տարածքին կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել:
Գանատական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն մեկուն` «Project Ploughshares»ի ղեկավար Սեզար Եարամիլլօ «CBC»ի հետ զրոյցի ընթացքին նկատել տուած է. – «Այս կամ այն երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին տեղեկութիւնները Գանատայի պատկան մարմիններուն պէտք է ստիպեն սպառազինութիւններու մատակարարման գործընթացին հանդէպ աւելի խիստ հսկողութիւն սահմանել: Այդ կը վերաբերի, օրինակ, Սաուտական Արաբիոյ, հնարաւոր է նաեւ՝ Ատրպէյճանին: Եթէ նման արտադրանքի առկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ կրնայ լուրջ վնասներու յանգեցնել, ուրեմն գերադասելի է, որ այդ մատակարարումները դադրեցուին»:
Գանատայի մէջ չեն բացառեր, որ Ատրպէյճանի ոստիկանութեան մատակարարուող զրահամեքենաները կրնան օգտագործուիլ Ալիեւի վարչակազմի ներքին հակառակորդներուն դէմ:
«2015 թուականի Նոյեմբերին ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը իսրայէլեան արտադրութեան զրահամեքենաներու օգտագործմամբ, որոնք շատ նման են գանատականներուն, վիճայարոյց յատուկ գործողութիւն իրականացուց Պաքուէն 30 քմ հիւսիս գտնուող Նարտարան աւանին մէջ: Անոր հետեւանքով վեց անձ զոհուեցաւ, տասնեակներ ձերբակալուեցան», – յիշել կու տայ «CBC»: