Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տնտեսական Աճը Պէտք է Ճգնաժամային Որակի մը Հասնի, Որպէսզի Որակական Փոփոխութեան Բերէ. Վարչապետ

Տնտեսական Աճը Պէտք է Ճգնաժամային Որակի մը Հասնի, Որպէսզի Որակական Փոփոխութեան Բերէ. Վարչապետ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Երեքշաբթի «Յաղթանակ» զբօսայգիի մէջ անմար կրակի մօտ ծաղիկներ դնելէ ետք պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն եւ ճաշած դաշտային ճաշարանին մէջ:

Հարցին, թէ ինչ փոփոխութիւններ կը սպասուին կառավարութեան մէջ, ան ըսած է` «կ’իմանաք»: Ան նշած է, որ այս 8 ամսուան ընթացքին իրականացուած փոփոխութիւններու վերաբերեալ բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ, հաշուետուութիւններ ներկայացուցած են:  Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ ինչու մարդիկ չեն զգար իրենց մաշկի վրայ այդ փոփոխութիւնները, վարչապետը ըսած է, որ այդ աճը  ճգնաժամային կէտի պէտք է հասնի, որպէսզի որակական փոփոխութիւն ըլլայ: «Բազմիցս յայտարարել ենք ձեզ, թէ ինչի մենք մեզ վրայ, սառնարանում չենք զգում տնտեսական աճի ցուցանիշները, պատասխանել եմ, որ տնտեսական աճը պէտք է հասնի մի քրիթիքական որակի, որպէսզի դա որակական փոփոխութիւն տայ»,-ըսած է ան:

Ներդրողներու ներգրաւման առումով ան ըսած է, որ խնդիրներ չկան եւ գործընթացը աշխատանքային փուլի մէջ է: «Երբ ներդրումներ կ’անեն, կը յայտարարենք, դուք կը տեսնէք»,-աւելցուցած է ան:

Հարցին, թէ արդեօք դէ՞մ եղած է ՀՅԴ-ի հետ   դաշինք  կազմելուն, վարչապետը բացասական պատասխան տուած է, ան նաեւ հերքած է, որ խնդիր ունի դաշնակցական նախարարներու հետ:

Հարցին, թէ Եռատօնի մասնակիցները արժանապատի՞ւ կ’ապրին, Կարէն Կարապետեան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ ոչ այնքան, որքան արժանի են»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչպէս կը վերաբերի «ՍԱՍ»-ի Արտակի ժողովին, վարչապետը ըսած է, որ եթէ այն ճիշդ է, վատ կը վերաբերուի, եթէ ճիշդ չէ, իրաւապահ մարմինները կը յայտարարեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment