ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան խորհուրդը (ՀԱԽ) Կոչ ըրաւ Լոս Անճելըսի որոշ շրջաններուն մէջ բնակող հայութեան` մասնակցելու Մայիս 16-ին տեղի ունենալիք երեք ընտրութիւններու:
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի 7-րդ ընտրաշրջանին մէջ, որ կ’ընդգրկէ Սանլէնտ եւ Թահունկա շրջանները, ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մոնիքա Ռոտրիկէզին:
Որպէս երկարամեայ համայնքային գործիչ, Մոնիքա Ռոտրիկէզ իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է այս շրջաններէն, որոնք տարիներու ընթացքին անտեսուած են քաղաքապետարանի իրարյաջորդ անդամներուն կողմէ:
Մոնիքա Ռոտրիկէզի մրցակիցը` Կարօ Թորոսեան, թէեւ հայ մըն է, սակայն ան կը գործակցի անհատներու հետ, որոնք կը գործեն Ամերիկահայ համայնքի շահերուն դէմ:
Լոս Անճելըսի Ուսումնական Խորհուրդի 4-րդ ընտրաշրջանէն ներս ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սթիֆ Զիմըրին: Ան որպէս Ուսումնական Խորհուրդի նախագահ, մեծ աշխատանք կը տանի դպրոցներէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման գծով:
Նոյն ուսումնական խորհուրդի 6-րդ ընտրաշրջանէն ներս ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ համայնքային գործիչ Իմէլտա Փատիային:
Այս առթիւ ՀԱԽ կը տեղեկացնէ թէ, Սթիֆ Զիմըրի եւ Իմէլտա Փատիայի մրցակիցները կը վայելեն աջակցութիւնը ուսուցիչներու խմբաւորումներու, որոնք կը ֆինանսաւորուին թուրք կրօնական գործիչ` Կուլէնի հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու կողմէ: