Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Մէջ Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանական Բռնատիրութեան Դէմ

Լոս Անճելըսի Մէջ Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանական Բռնատիրութեան Դէմ

by MassisPost

Անցեալ Շաբաթ օր երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի Հիւպատոսարանի նախաձեռնութեամբ, «Օրֆիում» թատերասրահէն ներս կազմակերպուած էր համերգ` «՚Ատրպէյճանի երաժշտութիւնը կը հանդիպի Լոս Անճելըսին» խորագիրին  տակ:

Այս առթիւ, համերգին ներկայ եղող Ամերիկացիները լուսաբանելու նպատակով, ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կազմակերպած էր բողոքի ցոյց, որու ընթացքին, սրահի մուտքին ժողովուրդին բաժնուեցան  թռուցիկներ, ուր բացատրուած էին Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններու վարքագիծը` ընդդիմախօսներու, ազատութիւններու, փոքրամասնութիւններու եւ հայութեան դէմ:

Թերթիկները կարդացողները զարմանք կը յայտնէին, որ տեղեակ չէին Ատրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան մասին:

Այս առթիւ, ՀԱԽ-ի անդամներէն Գրիգոր Մոլոյեան յայտարարեց,- «Մենք հոս չենք եկած բողոքելու համար Ազերի մշակոյթին դէմ: Մենք հոս ենք բողոքելու` Ալիեւի ընտանիքի բռնատիրութեան դէմ, որու հետեւանքով քաղաքական բանտարկեալները կը պահուին անտեսելով անոնց մարդկային իրաւունքները, իսկ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները կը ոտնակոխուին: Կը յուսանք որ, մեր ձայնը լսելի կը դառնայ Ատրպէյճանի հիւպատոսին եւ իր Ամերիկացի հիւրերը տեղեակ կը դառնան Ալիեւի ռեժիմի գործած ոճիրներու մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment