Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Կլէնտէլի Ընտրութիւններուն Առթիւ

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Կլէնտէլի Ընտրութիւններուն Առթիւ

by MassisPost

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին պիտի կայանան Կլէնտէլի Քաղաքապետական եւ Ուսումնական Խորհուրդներու հերթական ընտրութիւնները: Այս առթիւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) հրապարակեց իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու ցանկը:

Այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կու գայ յայտնելու թէ, թեկնածուներուն տրուած զօրակցութիւնը հիմնուած են նկատի առնելէ ետք իւրաքանչիւրի անցեալը, հանրային ծառայութեան մէջ անոնց նուիրումը եւ Կլէնտէլի բնակիչներուն եւ քաղաքին ապագային ի նպաստ անոնց ունեցած ծրագիրները:

Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամութեան համար ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ  Վրէժ Աղաճանեանին եւ Մարք ՄաքՔարլիին, իսկ Կլէնտէլի  Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի ընտրութիւններունª Դոկտ. Արմինէ Կարապետեանին, Կրէկ Գրիգորեանին եւ  Շանթ  Սահակեանին:

Վրէժ Աղաճանեան երկարամեայ բնակիչ է Կլէնտէլ քաղաքի: Ան մասնագիտութեամբ երկրաչափ է եւ 18 տարիէ կը վարէ ամէնօրեայ հայկական հեռատեսիլի հաղորդում, ժողովուրդը ծանօթացնելով քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու մասին:

Վրէժ Աղաճանեանի ծրագիրներուն մէջ կը գտնուին երթեւեկի խճողումներու եւ ապահովութեան հարցերը:

Մարք ՄաքՔարլի մեծցած Կլէնտէլի մէջ, ստացած է փաստաբանական ուսում, եղած է Կլէնտէլ Գոլէճի ուսուցիչ: Ան  ծառայած է Լոս Անճելըսի Շէրիֆի ուժերու գաղտնի ոստիկան, պայքարելով թմրանիւթերու դէմ: Սեպտեմբեր 11-էն ետք կանչուած է Ամերիկեան բանակ:

GUSD-2017

Ուսումնական Միացել Խորհուրդի երեք հայ թեկնածուները` Արմինէ Կարապետեանին, Կրէկ Գրիգորեանին եւ  Շանթ  Սահակեան երկարամեայ փորձառութիւն ունին եւ մեծ աշխատանք  տարած  են բարելաւելու Կլէնտէլի դպրոցներու վիճակը ու բարձրացնելու ուսումնական մակարդակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment