Դատախազի որոշմամբ Արթուր Սարգսեանի «Հաց բերողի» նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը վերացուած է: Այս մասին 6 Մարտին, NEWS.am-ը տեղեկացած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնէն:
ՀՀ գլխաւոր դատախազի հրաւէրով 6 Մարտին հանդիպում տեղի ունեցած է պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, Հեղինէ Բիշարեանի, Միքայէլ Մանուկեանի, Լեւոն Զուրապեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին պատգամաւորներուն ներկայացուած է Ա. Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքի բովանդակութիւնը, անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցի հիմքերը, պարզաբանուած են ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 145 եւ 147-րդ յօդուածներով նախատեսուած՝ անձնական երաշխաւորութիւն խափանման միջոցի կիրառման կարգը, երաշխաւորողներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջիններս նախազգուշացուած են երաշխաւորողի պատասխանատուութեան մասին եւ առաջարկուած է «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ հանդիպած է Ա. Սարգսեանին՝ գործի քննութեան ընթացքին վերջինիս պատշաճ վարքագիծը, այլ դատավարական պարտականութիւնները կատարելու եւ քրէական օրէնքով արգիլուած նոր արարք կատարելէ ձեռնպահ մնալու վերաբերեալ հաւաստիանալու համար, որմէ ետք հաստատել իրենց խնդրանքը կամ հրաժարիլ անկէ:
ԱԺ պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեանի, Լեւոն Զուրապեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, Հեղինէ Բիշարեանի, Միքայէլ Մանուկեանի եւ Արամ Մանուկեանի կողմէ իրենց խնդրանքը հաստատելէ եւ օրէնքով նախատեսուած դրամական գումարը մուծելէ ետք, 2016 թուականի 6 Մարտին նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազի կողմէ որոշում կայացուած է Ա. Սարգսեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխելու եւ անձնական երաշխաւորութիւն խափանման միջոց կիրառելու մասին:
Նոյն օրը կայացուած որոշման պատճէնը ուղարկուած է նախաքննութեան մարմնին եւ կալանաւորուածներուն պահելու վայրի վարչակազմին՝ կատարումը ապահովելու նպատակով:
Նշենք, որ ԱԺ-ի մէջ ստորագրահաւաք սկսած էր Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ կալանքի որոշումը փոփոխելու վերաբերեալ, որ ստորագրած է 26 պատգամաւոր:
Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին օժանդակելու մէջ մեղադրուող Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակուած էր 2016 թուականի 31 Դեկտեմբերին, քանի որ ազատազրկման հետ անհամատեղելի հիւանդութիւն ունէր: 9 Փետրուարին, սակայն, ան կրկին կալանաւորուած էր: Արթուր Սարգսեանը հացադուլ յայտարարած է եւ կը պահանջէ փոխել իր խափանման միջոց կալանքը: