Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստան Ու Լեռնային Ղարաբաղ Մասամբ Ազատ Երկիրներու Շարքին

Հայաստան Ու Լեռնային Ղարաբաղ Մասամբ Ազատ Երկիրներու Շարքին

by MassisPost

«Ազատութեան Տուն» (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւն աշխարհի մէջ 2017» ամենամեայ զեկոյցը,  որուն մէջ ամփոփուած է ժողովրդավարական ազատութիւններու վիճակը աշխարհի 195 երկիրներու մէջ 2016 թուականին։

Երկիրները դասակարգուած են երեք խումբերով` ազատ, մասամբ ազատ եւ անազատ, հիմք ընդունուած է «քաղաքական իրաւունքներ» եւ «քաղաքացիական ազատութիւններ» ցուցանիշերով ստացած միաւորները, որոնց պարագային 1-ը ժողովրդավարութեան առաւելագոյն մակարդակն է, իսկ 7-ը` վերջինիս բացակայութիւնը:

Զեկոյցին մէջ Հայաստան, ինչպէս եւ նախորդ տարի, շարունակած է մնալ «մասամբ ազատ» երկիրներու խումբին մէջ՝ ստանալով քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններ հանգանաքներով միջինացած 45 միաւոր: Նոյն հանգամանքին է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ 33 միջինացած միաւորով: Զեկոյցի հեղինակները թէ Հայաստանի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային ժողովրդավարական յետընթացի որեւէ միտում չեն արձանագրած:

Ատրպէյճանին վերաբերող հատուածին հեղինակները ուշադրութեան հրաւիրած են այն հանգամանքի վրայ, որ Ատրպէյճանի նախագահը սահմանադրական հանրաքուէի միջոցով մեծցուցած է իր մենատիրական իշխանութիւնը, իսկ հանրաքուէն տեղի ունեցած է իշխանութիւններու կողմէ ընդհանուր վերահսկողութեան պայմաններու տակ:

Թուրքիա՝ «մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին մէջ է, սակայն թէ քաղաքացիական եւ թէ քաղաքական ազատութիւններու մասով երկրին մէջ արձանագրուած են լուրջ յետընթացներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment