Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Դժգոհիլ Լավրովէն

Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Դժգոհիլ Լավրովէն

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտիարով բարձրաձայնած է Ռուսի արտաքին գործոց նախարար Սէրգէյ Լավրովի հետ կայացած հանդիպման արդիւնքէն իր դժգոհութիւնը: Հանդիպումը, որ կայացած էր Մոսկուա, Մամիտիարովին լաւատեսութիւն չէ ներշնչած:

Դիւանագիտութեան մէջ աննախադէպ նման յայտարարութիւն, Մամիտիարով ըրած է Պաքու հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ՝ պատասխանելով Լավրովի հետ հանդիպման վերաբերեալ հարցին:

Ան տեղեկացուցած է, որ փետրուարին Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած է հանդիպում ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ:

«Հանդիպումը պէտք է տեղի ունենայ Փետրուար 17-19-ը ինկած ժամանակահատուածին: Ես տուած եմ իմ համաձայնութիւնը», յայտնած է ան:

Լավրով ամէնամեայ ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու իրականացումը բացառապէս Ատրպէյճանի ներքին գործը չէ, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի սադրիչ հարցին: Վերջինս հետաքրքրուած էր, թէ արդեօք Ռուսիա կը միջամտէ «Ատրպէյճանի ներքին գործերուն», եթէ ատրպէյճանական կողմը նախաձեռնէ ռազմական գործողութիւններ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Կատարուածէն յետոյ Մամիտիարով շտապած էր Մոսկուա` հանդիպելու եւ խնդրի առնչութեամբ քննարկումներ ունենալու Լավրովի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment