Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսիան Մտադիր է Նորագոյն Ռատիոտեղորոշիչ Կայան Տեղակայել Հայաստանի Մէջ

Ռուսիան Մտադիր է Նորագոյն Ռատիոտեղորոշիչ Կայան Տեղակայել Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Բացառուած չէ, որ Ռուսիա իր նորագոյն ռատիոտեղորոշիչ կայաններէն մէկը` “Небо-М”-ը, տեղակայէ Հայաստանի տարածքին մէջ: Այս մասին “Военное обозрение” հանդէսին երէկ գրած է մոսկուացի ռազմական փորձագէտ Եւկենի Տամանցեւ: Անոր խօսքով` “Небо-М” կայանը կրնայ փոխանցուիլ Գիւմրի տեղակայուած 102-րդ ռազմակայանին:

«”Небо-М” ռատիոտեղորոշիչ կայանի տեղակայումը Գիւմրիի մէջ շատ տրամաբանական է: Այստեղ այդ արժանի պատասխան կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած իսրայէլեան արտադրութեան Green Pine տեղորոշիչ կայաններուն: Բացի անկէ, Գիւմրի տեղակայուած “Небо-М” համալիրը հնարաւորութիւն կու տայ վերահսկել Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Վրաստանի օդային տարածքի հսկայական մէկ հատուածը»,- գրած է ռուս փորձագէտը:

Տամանցեւի խօսքով` Հայաստան տեղակայուելու պարագային “Небо-М”-ի հզօրութիւնը թոյլ կու տայ դիտարկել նոյնիսկ «ՆԱՏՕ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական օդագնացութեան չարտօնուած թռիչքները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»:

“Небо-М”-ը ռուսական ռատիոտեղորոշիչ կայաններու շարքի նորագոյններէն է: Կայանի գործողութեան առաւելագոյն հեռաւորութիւնը 1800 քիլոմեթր է, միաժամանակ այն կրնայ վերահսկել մինչեւ 20 պալիստիկ հրթիռներու թռիչքները: “Небо-М”-ի դաշտային փորձարկումները ռուս ռազմական մասնագէտներւ աւարտած են 2009-ին, իսկ առաջին համալիրները բանակային ստորաբաժանումներ առաքուած են 2012-ի դեկտեմբերին:

«Հարաւ-արեւմտեան ուղղութիւնը Ռուսիոյ համար բաւական խնդրայարոյց է: Այս ուղղութեամբ կը նկատուի թրքական եւ արաբական օդանաւակայանները տեղակայուած ամերիկեան հետախուզական օդագնացութեան աշխուժութիւնը: Բացի անկէ, հեռանկարին մէջ Թուրքիա աւելի յաճախ պիտի փորձարկէ սեփական արտադրութեան «Եըլտըրըմ» տեսակի հրթիռները: Ասոր գումարած՝ Վրաստան կը պատրաստուի Վազիանի գտնուող ռազմակայանին մէջ ՆԱՏՕ-ի հետ խոշոր միացեալ խմբաւորում տեղակայել, որուն մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան թանկային ստորաբաժանումներ, ինչպէս նաեւ Patriot եւ SAMP-T տեսակի հրթիռային համակարգեր»,- պնդած է Եւկենի Տամանցեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment