Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրանդ Տինքէն Տասը Տարիներ Ետք

Հրանդ Տինքէն Տասը Տարիներ Ետք

by MassisPost

2007 թուականի Յունուար 19-ին, դաւադիր գնդակի զոհ գնաց Պոլսահայ մտաւորական եւ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք: Ան, իր կեանքի ընթացքին հանդիսացաւ այն եզակի դէմքը, որ կարողացաւ  թուրք հանրային կարծիքի մօտ ընդհանրապէս եւ մտաւորական խաւի մօտ մասնաւորաբար, քննարկման նիւթ դարձնել հայկական ցեղասպանութեան եւ հայ-թուրք փոխյարաբերութիւններու զգայուն հարցերը, որոնց շուրջ  արտայայտուիլը կը նկատուէր քրէականօրէն պատժելի արարք: Պետութեան կողմէ հալածանքներու ենթարկուելէ, ու բազմաթիւ անգամներ  դատարանի առջեւ կանգնելէ  ետք, Հրանդ Տինք ենթարկուեցաւ ֆիզիքական ոչնչացման:

Տինքի սպանութիւնը թուրք հասարակութեան որոշ խաւերուն մօտ  յառաջացուց մեծ ցնցում: Անոր մահէն ետք հազարաւորներ փողոց  դուրս եկան` «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Հայ ենք»  պաստառներ  բարձրացուցած: Անցնող տասը տարիներու ընթացքին Տինքի գաղափարները ստացան նոր որակ: Ի հեճուկս թրքական իշխանութիւններուն, Հայկական ցեղասպանութեան մասին խօսիլը դադրեցաւ արգիլուած նիւթ ըլլալէ: Ամէն Ապրիլ 24-ին երկրի տարածքին, հրապարակային  միջոցառումներով սկսան նշուիլ ցեղասպանութեան տարելիցը:  Այս բոլորի շնորհիւ թրքահայութիւնը սկսաւ ապրիլ ինքնագիտակցութեան ու զարթօնքի նոր շրջան մը:

Այսպիսով  Հրանդ Տինքի ողբերգական նահատակութիւնը աւելի մեծ ներգործութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին մօտ, քան որ էր անոր կենդանութեան ընթացքին:

Սակայն, ներկայիս իրերու ընթացքը սկսած է քալել հակառակ ուղղութեամբ: Թուրքիոյ երկնակամարը սկսած է դարձեալ մթագնիլ: Զինուորական յեղաշրջումը պատրուակ ծառայեցնելով, նախագահ Էրտողան հալածանք սկսած է իր հակառակորդներուն դէմ: Հազարաւորներ նետուած են բանտերը:  Մամուլի ու խօսքի ազատութիւնները կաշկանդումի ենթարկուած են:

Ներկայիս Հրանդ Տինքի ուղղին կը շարունակէ հետեւիլ թրքական խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլան, որ իր կեանքը եւս վտանգելու գնով, կը շարունակէ խօսիլ զգայուն հարցերու մասին:

Իր մահուան տասնամեակին առթիւ, հայութիւնը ամէնուրեք կը խոնարհի Հրանդ Տինքի պայծառ յիշատակին առջեւ, յուսալով որ, անոր նահատակութեամբ արձանագրուած դրական տեղաշարժերը իրենց աւարտին չեն հասած:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment