Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Կրին Քարտի» Խաղարկութեամբ Հայաստանցիներուն Տրամադրուած Ամերիկեան Վիզներու Թիւը Նուազած է

«Կրին Քարտի» Խաղարկութեամբ Հայաստանցիներուն Տրամադրուած Ամերիկեան Վիզներու Թիւը Նուազած է

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու ներգաղթային անցագրերու խաղարկային ծրագրին` «կրին քարտի» խաղարկութեան մասնակցող Հայաստանի քաղաքացիներու թիւը ամէն տարի կ’աճի, սակայն վերջին երկու տարիներուն տրամադրուած անցագրերու թիւը նուազած է:

Երեւանի  ԱՄՆ դեսպանատունը տեղեկացուցած է, որ 2016-ին «կրին քարտի» խաղարկութեան վերաբերեալ Հայաստանի քաղաքացիներուն տրամադրուած է 1544 անցագիր, մինչ խաղարկութեան մասնակցած է 131,088 քաղաքացի: Ըստ որուն, թէեւ Հայաստանէն ներգաղթային անցագրերու խաղարկային ծրագրի յայտատուներու թիւը ամէն տարի կ’աճի եւ 2010-էն ի վեր աւելի քան կրկնապատկուած է, տրամադրուող անցագրերու թիւը կը տատանի 1000-էն 2000-ի միջեւ: Այսինքն  խաղարկային ծրագրի մասնակիցներու առիթները ամէն տարի կը նուազին: Եթէ 2010-ին խաղարկութեան մասնակցած է 62,051 քաղաքացիներու շուրջ 2 տոկոսին ներգաղթային անցագիր շնորհուած է, 2016-ին անցագիր ստացած է յայտատուներու ընդամէնը 1 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment