Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանական Դատարանը Մերժած Է Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Բողոքները

Գերմանական Դատարանը Մերժած Է Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Բողոքները

by MassisPost

Գերմանիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժած է շարք մը բողոքներ, որոնք ներկայացուած էին Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշման դէմ:

Դաշնային Սահմանադրական Դատարանը ութ բողոք մերժած է, որոնք ներկայացուած էին, անցեալ Յունիսին օրէնսդիրներու կողմէ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի դէմ, այս մասին կը հաղորդէ «Ասշիէյթըտ Փրես» գործակալութիւնը:

Երկուշաբթի օր, Գերմանիոյ Դաշնային Սահմանադրական Դատարանի հրապարակած վճիռներէն մէկուն մէջ նշուած է, որ հայցուորը բաւարար ապացոյցներ չէ ներկայացուցած, թէ իր հիմնարար ազատութիւնները խախտուած են եւ նման խախտումներ ակնյայտ չեն:

Ամեիկեան մամլոյ գործակալութիւնը յիշեցուցած է, որ Պունտեսթակի մէջ ընդունուած բանաձեւը զայրացուցած էր Անգարային: Թուրքիա, Գերմանիայէն ետ կանչած էր իր դեսպանին: Անգարա նաեւ կ’արգիլէր գերմանացի պատգամաւորներու այցելութիւնը Ինճիրլիք ռազմակայանª տեսակցելու այնտեղ ծառայող գերմանացի զինծառայողներուն հետ:

Թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները սկսան վերստին կարգաւորուիլ, երբ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը իրաւական պարտադիր ուժ չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment