Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետ.Քարտուղարութիւն .- Ցեղասպանութեան Մասին Սամանթա Փաուըրի Ելոյթը պէտք չէ Համարել ԱՄՆ-ի Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն

Պետ.Քարտուղարութիւն .- Ցեղասպանութեան Մասին Սամանթա Փաուըրի Ելոյթը պէտք չէ Համարել ԱՄՆ-ի Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն

by MassisPost

Պետքարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարք Թոնըրը մեկնաբանած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըրի ելոյթը, որուն ընթացքին ան յիշատակած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման  հարցը:

Անոր խօսքով՝ Փաուըրի նշումը անհրաժեշտ է դիտարկել հրէական Հոլոքոսթի տեղեկացուածութեան մեծացման ուղղութեամբ Էլի Վիզէլի ջանքերուն տուրք տալու  ընդհանուր ծիրին  մէջ: «Եւ, ի հարկէ, նրա նշումը չի վկայում վարչակազմի քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան մասին»,- յայտարարած է Թոնըրը Ուաշինկթընի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին:

Ի պատասխան հարցին, թէ ինչո՞ւ վարչակազմը չ’օգտագործէր «ցեղասպանութիւն» սահմանումը, Թոնըր նշած է, որ նախագահը, ներկայի վարչակազմը, ինչպէս նաեւ նախորդ նախագահը, բազմիցս ընդունած են այն փաստը, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն 1,5 մլն հայեր սպաննուած են կամ մահուան ուղարկուած: ԱՄՆ-ը նաեւ տեղի ունեցած փաստի ամբողջական եւ բացայայտ ընդունման կոչ ըրած է: «Մեր քաղաքականութիւնն այսպիսին է մնում: Ես չեմ ուզում թերմինաբանութեան մէջ խորանալ կամ՝ թէ մենք ինչպէս ենք այդ իրադարձութիւնները յիշատակել»,- աւելցուցած է Թոնըրը:

Պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչը չէ պատասխանած այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի ազդե՞ն «ցեղասպանութիւն» բառը արտաբերելու վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment