Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանական Հերթական Խաղեր

Իշխանական Հերթական Խաղեր

by MassisPost

Յառաջիկայ Ապրիլին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ: Նոր Սահմանադրութեամբ երկիրը պիտի անցնի վարչապետական կառավարման ու հետեւաբար, այս ընտրութիւնները շատ աւելի կարեւոր կը նկատուին, քան նախապէս տեղի ունեցող խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Այս օրերուն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները  որոնումներու  մէջ են` ընտրական դաշինքներ կազմելու նպատակաւ: Արդէն իսկ  երեք կուսակցութիւններ` «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր»  եւ  «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները յայտարարած են, ընտրութիւններուն  միասնական ցանկով  ներկայանալու մասին: Հրապարակի վրայ կան տասնեակ մը այլ կուսակցութիւններ, որոնք եւս հանդէս կու գան որպէս ընդդիմադիր ու կը պատրաստուին  մասնակցելու ընտրութիւններուն: Լաւագոյն պարագային իսկ, ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող զանգուածի ձայները պիտի բաժնուին չորս, հինգ եւ դեռեւս աւելի դաշինքներու եւ կուսակցութիւններու միջեւ, այդպիսով դիւրացնելով   ՀՀԿ-ի գործը: Այդ կուսակցութիւնը արդէն իսկ իր զինանոցին մէջ ունի բաւականին մէջ լծակներ, սկսած ընտրակեղծիքներէն, քուէարկողներուն վրայ գործադրելի ճնշումները, պետական կառոյցներու օգտագործումը եւ նիւթական անսահման  միջոցներ, արդիւնքները իր ուզած հունին մէջ դնելու ու յաղթանակի հասնելու համար:

Վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ նաեւ մեծահարուստ գործարար եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադիր Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական ասպարէզ վերադարձի եւ որպէս իշխանութիւններուն ընդդիմադիր` ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասի: Այս պարագան շատերու մօտ կասկած կը յառաջացնէ ու կը դիտուի որպէս  թելադրուած քայլ` ընդդիմադիր հատուածի ձայները առաւել եւս փոշիացնելու նպատակով:

2015-ին Փետրուարին Սերժ Սարգսեան հրապարակային  մեղադրանքներով, Ծառուկեանին  պարտադրած էր հեռանալ քաղաքականութենէն` սպառնալով իրմէ խլել իր հարստութիւնը, երբ ան կը փորձեր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ դաշինք կազմել:

Այս բոլորը նկատի առնելով, քաղաքական շրջանակներու մօտ տիրող կարծիքը այն է թէ, Գագիկ Ծառուկեանի վերադարձով, իշխանութիւնները կը փորձեն աւելի ամուր ապահովագրել իրենց յաղթանակը եւ եղածը պէտք է դիտել որպէս Հայաստանի ժողովուրդի գլխուն` հերթական խաղ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment