Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի ՆԳ Նոր Նախարարը Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակին» Մէջ է

Ֆրանսայի ՆԳ Նոր Նախարարը Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակին» Մէջ է

by MassisPost

Ֆրանսայի ներքին գործերու նորանշանակ նախարար Պրունօ Լը Ռուի անունը ընդգրկուած է անցանկալի անձանց՝ պաշտօնական Պաքուի ցուցակին մէջ, APA լրատուական գործակալութեան յայտնած է Ատրպէյճանի արտգործնախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւը:

Ան պարզաբանած է, որ Լը Ռուն որպէս Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր 2015-ի սեպտեմբերին «ապօրինի այց» կատարած է Լեռնային Ղարաբաղ:

APA-ն նշած է նաեւ, որ Ֆրանսայի ներքին գործերու նոր նախարարը Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի անդամ է:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի ՆԳ նախկին նախարար Պեռնար Գազնիով, նշանակուած է վարչապետ՝ Մանուէլ Վալսի հրաժարականէն ետք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment