Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մտահոգիչ Նշանակում Մը

Մտահոգիչ Նշանակում Մը

by MassisPost

Ամերիկայի նորընտիր նախագահ` Տանոլտ Թրամփ այս օրերուն զբաղած է նոր վարչակարգի իր անձնակազմը ամբողջացնելու աշխատանքով:

Թրամփի  առաջին նշանակումներէն  մին հանդիսացաւ Ազգային Ապահովութեան գծով խորհրդականի պաշտօնին վրայ Մայքըլ Ֆլիննի նշանակումը:

Անցեալ Նոյեմբեր 8-ին, այն պահուն երբ Ամերիկացի ժողովուրդը կ’ուղղուէր քուէատուփ, ընտրելու  համար իր նոր նախագահը, Գոնկրէսի   հարցերուն նուիրուած  «The Hill» թերթի կայքէջին վրայ լոյս տեսաւ Մայքըլ  Ֆլիննի յօդուածը, ի պաշտպանութիւն  Թուրքիոյ ու անոր նախագահ Ռաճէփ Էրտողանին:

Յօդուածագիրը նախ կը մեղադրէր  Ամերիկեան մամուլը, որ շատ անարդար ու խիստ կը գտնուի յուլիսեան զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, Էրտողանի  վարած ներքին քաղաքականութեան նկատմամբ: Ապա, շարունակելով ան կը գրէ,- «Մենք պէտք  է  սկսինք անդրադառնալ, որ Թուրքիան խիստ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու շահերու տեսանկիւնէն:  Մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մեր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ընդունինք Թուրքիան որպէս նախապայման:  ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ԱՇԽԱՐՀԻՆ  ՆԱՅԻՆՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ»:

Հայութեան համար խիստ մտահոգիչ այս տողերը աննկատ պիտի  մնային,  եթէ նախագահական ընտրութեան  արդիւնքը տարբեր ըլլար: Սակայն, այժմ  որ  Ազգային Ապահովութեան խորհրդականին կը պատկանին այս տեսակէտները,  անոնք  կ’ստանան շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն:

Ինչպէս ծանօթ է, Տանոլտ  Թրամփ  չունի արտաքին քաղաքական փորձառութիւն եւ ամբողջութեամբ պիտի ապաւինի իր Ազգային Ապահովութեան խորհրդականին վրայ:  Մայքըլ  Ֆլինն այսուհետեւ մնայուն  ներկայութիւն պիտի դառնայ ոչ միայն Սպիտակ Տունէն  ներս, այլ նաեւ  նախագահի գրասենեակէն ներս, ձեւաւորելու համար Ամերիկայի արտաքին  քաղաքականութիւնը` աշխարհի տաք  կէտերուն, ներառեալ  Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, վերաբերեալ:

Մայքըլ  Ֆլիննի պաշտպանած տեսակէտները  ու նաեւ այն հանգամանքը, որ իրեն պատկանող ընկերութիւնը լոպիիսթական աշխատանքներ կը տանի ի նպաստ Թուրքիոյ,  ոչ միայն շահերու խիստ բախում կը յառաջացնէ զուտ ամերիկեան առումով, այլ նաեւ զգուշ հետեւելու  պարտաւորութեան տակ կը դնէ մեզ` Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ  Ամերիկահայութիւնը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment