Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Նկատմամբ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Հետաքրքրութիւնը կը Մեծնայ, Քաղաքագէտ

Հայաստանի Նկատմամբ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Հետաքրքրութիւնը կը Մեծնայ, Քաղաքագէտ

by MassisPost

Հայաստանի նկատմամբ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնը կը մեծնայ, ըսած է Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Մանուէլ Սարգսեանը։

Անոր խօսքով՝ անորոշ իրավիճակը, որ ստեղծուած է ԱՄՆ նոր նախագահի ընտրութենէն յետոյ, փաստացի կը մտահոգէ բոլորին։ Ան նշեց, որ Եւրոպայի մէջ բարդ իրադրութիւն ստեղծուած է ինչպէս նշուած հանգամանքի, այնպէս ալ մինչեւ հիմա տարուող քաղաքականութեան պատճառով։

Անոր կարծիքով Ռուսիան իր հերթին կ′ընէ նոյն բանը։ «Մենք տեսնում ենք Հայաստանին արուող նոր առաջարկներ։ Բոլոր կողմերից ակտիւացում է նկատուում ազդեցութեան գօտու ընդլայնման նպատակով։ Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրուածութիւնը պէտք է շատ մեծ լինի։ Եթէ վերցնենք մեր տարածաշրջանը, ապա Վրաստանում Արեւմուտքը խնդիրներ չունի, Ատրպէյճանում ներկայիս ռեժիմի եւ Ատրպէյճան–Թուրքիա յարաբերութիւնների հետ լուրջ խնդիրներ կան։ Կարելի է ասել, որ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը մեծանայ»,– ըսաւ Մանուէլ Սարգսեանը։

Քաղաքագէտը նշեց, որ Երեւանը պէտք է վերանայի իր մօտեցումները։ «Նախագահ Սերժ Սարգսեանը նոյնպէս յայտարարել էր, որ Ռուսաստանից վախը բոլորին ստիպել է հրաժարուել մեծ հնարաւորութիւններից։ Դա երկիրը դրել է ներկայիս վիճակի մէջ։ Հիմա ուղղակի յանցագործութիւն է նոյն ոգով շարունակելը»,– ըսած է քաղաքագէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment