Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսում Հայոց Նոր Պատրիարք Ընտրելու Գործընթաց Սկսած է

Պոլսում Հայոց Նոր Պատրիարք Ընտրելու Գործընթաց Սկսած է

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան աթոռի եկեղեցական ընդհանուր համաժողովի ժամանակ պատրիարքական աթոռի «թափուր» յայտարարումը եւ նոր պատրիարք ընտրելու գործընթաց սկսիլը պատմական որոշում էր: Այս մասին, ըսաւ Ստամբուլի հայկական «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը:

«Պատրիարքարանի մեր աղբիւրներէն տեղեկացած ենք, որ որոշումը ընդունուած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ կրօնական ժողովի ատենապետ Տէր Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի համախոհութեամբ: Այսօր այս իրադարձութեամբ պաշտօնապէս Թուրքիայի հայութեան առջեւ ուրուագծուած է նոր պատրիարք ընտրելու հեռանկարը»,- նշեց Գոչունեանը:

Ան յիշեցուց, որ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը արդէն ութ տարի է` գործնականապէս թափուր էր: Ինչպէս թրքահայութիւնը, այնպէս ալ պատրիարքարանը երկար ժամանակ սպասողական վիճակի մէջ էր: 26 Հոկտեմբերին գումարուած եկեղեցական համաժողովի ժամանակ նկատի առնուած է այն, որ եկեղեցական կանոններու համաձայն` պատրիարքի եօթ տարուան բացակայութիւնը բաւարար է ուխտի լուծարման համար: Հետեւաբար, Պատրիարքի ութ տարուան բացակայութիւնը կը հաստատէ «Պատրիարքական ուխտի» լուծարումը: Իսկ 2015 թուականի դատաբժշկական յանձնախումբի տեղեկագրով վաւերացուած Պատրիարքի ոչ գործօն ըլլալու հանգամանքը հաստատեց, որ Պատրիարքական աթոռը մնացած է «թափուր»:

«Այս փաստերուն հիման վրայ  կայացուած է որոշում  երթալ պատրիարքական ընտրութիւններու: Պէտք է ընտրուի նոր` «Ազգընտիր պատրիարք», ով կը դառնայ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքը: Մօտ ապագային եկեղեցական համագումարի զեկոյցը պէտք է կցուի պաշտօնական նամակին, որը կ′ուղարկուի թուրքական պատկան մարմիններուն: Անհրաժեշտ է ստանալ Թուրքիայի ներքին գործերու նախարարութեան հաւանութիւնը, որպէսզի պատրիարքական ընտրութիւններ անցկացուին», ընդգծեց Գոչունեանը:

Ան տեղեկացուց, որ 27 Հոկտեմբերի առաւօտեան Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը մեկնեցաւ Նիւ Եորք, որպէսզի մասնակցի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ այնտեղ գումարուելիք գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին: 6 Նոյեմբերին Աթէշեանը պէտք է վերադառնայ Ստամբուլ, որմէ յետոյ անհրաժեշտ դիմում կը կատարուի պետական իշխանութիւններուն, որպէսզի ընտրութեան գործընթացը նոր մեկնարկ ստանայ:

Խօսելով Պոլսոյ պատրիարքի հնարաւոր թեկնածուներուն մասին` Գոչունեանը փաստեց, որ Պատրիարքական աթոռի միաբան բոլոր եպիսկոպոսները տեսականօրէն թեկնածուներ կը համարուին:

«Մի քիչ վաղ է խօսիլ թեկնածուներուն մասին, սակայն շրջանառուող անուններու շարքին են Աթէշեանն ու Մաշալեանը, Գերմանիայի թեմի առաջնորդ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքչեանը, ով Թուրքիայի քաղաքացի է: Քննարկուող անուններու շարքին են Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանը, թէպէտ անոնք նախապէս յայտարարած էին, որ մտադիր չեն պատրիարք դառնալու»,- յայտնեց Գոչունեանը` յիշեցնելով, որ այդ բոլորի համար նախեւառաջ անհրաժեշտ է ստանալ պետական թոյլտուութիւն:

Ան տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկային Սուրբ պատարագներու ժամանակ Ստամբուլի եկեղեցիներուն մէջ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը պէտք է յիշատակուի որպէս «Հանգստեան կոչուած պատրիարք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment