Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Յայտարարութիւնը – Հրադադարի Պահպանումը Անհրաժեշտ Հիմք է Բանակցութիւններու Համար

ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Յայտարարութիւնը – Հրադադարի Պահպանումը Անհրաժեշտ Հիմք է Բանակցութիւններու Համար

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Պոպովը (Ռուսաստան), Փիեռ Էնտրիոն (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիքը (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրշիկը յայտարարութիւն տարածեցին 23-25 Հոկտեմբերին, տարածաշրջան կատարած այցի արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Համանախագահները հանդիպեցան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու եւ արտ. գործ. նախարարներու, ՀՀ նորանշանակ պաշտպանութեան նախարարի, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի  իշխանութիւններու հետ: Այցի նպատակը ապրիլեան աննախադէպ բռնութիւններէն յետոյ ստեղծուած իրադրութեան քննարկումն էր եւ բանակցային գործընթացի դիրքորոշման յստակացումը:

Հանդիպումներու ժամանակ կողմերը հաստատեցին, որ իրավիճակը յարաբերական հանգիստ է: Համանախագահները ընդգծեցին, որ հրադադարի համակարգի պահպանումը կ′ապահովէ ընթացող բանակցութիւններու անհրաժեշտ հիմքը եւ կը կարեւորէ Վիեննայի ու Սան Փեթերսպուրկի ընդունած որոշումներու լիակատար իրականացումը:

Համանախագահները նաեւ՝ քննարկեցին ներկայ աշխատանքային առաջարկները` հասնելու առարկայական բանակցութիւններու յանուն տեւական խաղաղութեան: Նախագահներէն իւրաքանչիւրը արտայայտեց իր տեսակէտը, թէ ինչպէս առաջ տանիլ կարգաւորման գործընթացը:

Համանախագահները կը ծրագրեն հանդիպիլ արտաքին գործերու նախարարներուն՝ Դեկտեմբեր, 2016-ին Համպուրկի մէջ, ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովի ժամանակ` քննարկելու ամենաշուտ ժամկէտներով նախագահներու հնարաւոր հանդիպումը: Տարածաշրջանային այցի ժամանակ համանախագահները նաեւ հանդիպած են «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէ»-ի հետ` քննարկելու այն աշխատանքը, որ կազմակերպութիւնը կ′իրականացնէ կորած անձանց մասին տեղեկատուութեան փոխանակման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment