Հայաստանի Կառավարութիւնը Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշում ընդունեց Սուրիկ Խաչատրեանին իր դիմումի համաձայն Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնէն ազատելու մասին եւ այն ուղարկեց Հայաստանի նախագահի հաստատման:
Գործադիրը նիստը սկսաւ տուեալ հարցի քննարկմամբ, թէեւ այն օրակարգի նախագիծի 20-րդն էր:
Երբ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը հետաքրքրուեցաւ նոր մարզպետի նշանակման հարցով, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ տուեալ հարցին կ′անդրադառնան երկրի նախագահի կողմէն որոշումը հաստատելէ յետոյ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, դիմելով Դաւիթ Լոքեանին, ժպտալով ըսաւ․- «Կը շտապէք, պարո՛ն նախարար»: Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարը արձագանքեց, որ այդպիսի «յանձնարարական եղած է»:
Քիչ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանը հաստատեց կառավարութեան որոշումը, եւ գործադիրը որոշում կայացուց Վահէ Յակոբեանին Սիւնիքի մարզպետ նշանակելու մասին: