Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութեան կազմին մէջ գործող՝ Արտերկրեայ ֆինանսական միջոցներու վերահսկողութեան գրասենեակը՝ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակած է պատժամիջոցներու թիրախ հանդիսացող Ռուսաստանի քաղաքացիներու և տարբեր պետութիւններու մէջ գործող ռուսաստանեան կազմակերպութիւններու թարմացուած ցանկը:
Ուքրանիոյ մէջ ծաւալուած իրադարձութիւններու պատճառով, 2014-էն գործող «ոլորտային» պատժամիջոցներու ենթակայ կազմակերպութիւններու ցանկին, այս անգամ տեղ գտաւ նաև, Հայաստանի մէջ գրանցուած «Առէկսիմբանկ-Գազպրոմբանկ» ընկերութիւնը: