Home ԱՅԼԱԶԱՆ Պանդուխտի ընկալումները ուշ ԺԹ. դարու Պոլսոյ մէջ

Պանդուխտի ընկալումները ուշ ԺԹ. դարու Պոլսոյ մէջ

by MassisPost

Այս տարի, Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը իր առաջին ձեռնարկը ունեցաւ Լոնտոնէն դուրս՝ Պրիւքսէլի Հայ Գաղութային Կեդրոնին մէջ։ Բացման իր խօսքին մէջ, Ծրագիրի վարիչ տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեան ուրախութեամբ նշեց, որ պատմական օր մըն էր Ծրագիրին համար, նոր էջի մը բացումով, որ կ՚ենթադրէր անոր գործունէութեան ծաւալումը եւրոպական ցամաքամասի վրայ։ Տոքթ. Մոսկոֆեան ներկայացուց Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը կարգ մը մանրամասներով, յայտնելով, թէ անոր առաջին նպատակը արեւմտահայերէնի ուսուցումն էր, իսկ երկրորդը՝ հայագիտութեան տարածումը ակադեմական շրջանակներու մէջ, թէ՛ Լոնտոն եւ թէ՛ եւրոպական այլ քաղաքներ։ Տոքթ. Մոսկոֆեան յատկապէս նշեց, որ Ծրագիրը որեւէ քաղաքական նպատակ չի հետապնդեր, այլ կ՚առաջադրէ հայ մշակոյթը պահպանել ու տարածել ակադեմական միջավայրին մէջ։ Այնուհետեւ, ան ներկայացուց օրուան բանախօս Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանը՝ արուեստի պատմութեան տոքթորայի թեկնածու (Birkbeck College, University of London), որ առաջին անգամ ըլլալով արեւմտահայերէն պիտի խօսէր։ Վ. Դաւիթեանի գիտական հետազօտութիւնը կապուած է հայ արուեստի ժառանգութեան հետ. անոր տոքթորական աւարտաճառին նիւթը ուշ ԺԹ. դարու իրապաշտութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան հայ արուեստագէտներու յարաբերութիւնն է։ Տոքթ. Մոսկոֆեան իր բացման խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Մշակութային Կեդրոնի տնօրէն Անտրէ Կիւմիւշճեանին, ինչպէս եւ անոր բոլոր անդամներուն, ներառեալ Սարին Ասլանեանին եւ Մովսէս Տէր Գէորգեանին, որոնք հայերէնէ ֆրանսերէն զուգահեռ թարգմանութիւնը կատարեցին։ Ան նաեւ իր յատուկ գնահատանքը արտայայտեց Կեդրոնի անդամ Շողեր Մարկոսեանին, որուն շնորհիւ տեղի կ՚ունենար ձեռնարկը։

Վազգէն Դաւիթեանի դասախօսութիւնը խորագրուած էր «Հայ պանդուխտին ընկալումները ուշ ԺԹ. դարու Պոլսոյ մէջ»։ Դասախօսը սկսաւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»էն մէջբերումով մը, զուգահեռաբար ներկայացնելով Կալաթայի կամուրջին վրայ գտնուող չորս համալներու (բեռնակիրներ) լուսանկարը եւ պոլսահայ մոռցուած նկարիչ Սիմոն Յակոբեանի (1857-1921) մէկ գործը, որ կը ներկայացնէ նոյն կամուրջին վրայ հանգչող չորս համալներ ու նկարուած է Պարոնեանի գործէն երկու կամ երեք տասնամեակ ետք։ Գրաւոր եւ տեսողական գործերու զուգադրումը գործածուեցաւ լրացուցիչ կերպով, իբրեւ ակադեմական ուսումնասիրութեան յաւելեալ գործիք, որ կը փորձէ աւելի լաւ հասկնալ ու վերականգնել զանազան պատմական շրջագիծեր, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան հայերու փորձառութիւնը։ Դաւիթեան նաեւ խօսեցաւ արուեստի պատմաբանին դիմագրաւած հարցերուն մասին՝ նման նկարներ եւ պատկերներ գտնելու համար, յատկապէս նշելով դժուարամատչելիութիւնը, քանի որ նման գործեր սովորաբար մասնաւոր հաւաքածոներու մաս կը կազմեն։

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, պոլսահայ մամուլի եւ գրականութեան հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը արեւմտահայ պանդուխտի իրականութեան հետ առնչուելու ու զայն ներկայացնելու հարցն էր։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ, ըստ «Արեւելք» օրաթերթին, 1890ին հայերը Պոլսոյ պանդուխտներու ամենամեծ խումբը կը կազմէին։ Ըստ որոշ գնահատումներու, 1895ին շուրջ 80.000-90.000 պանդուխտներ կային օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ինչ որ հսկայական աճ մը կը ներկայացնէր՝ 1860ի 15.000ի թիւին դիմաց։  Հայերը պանդխտութեան դիմող միակ խումբը չէին, որ Պոլիս կը ժամանէր գործի փնտռտուքով, իսկ բոլոր պանդուխտ հայերը արեւելեան նահանգներէն չէին գար, բայց պոլսահայ մամուլը մեծաւ մասամբ Արեւմտեան Հայաստանէն պանդխտութիւնը կը դիտէր իբրեւ կարեւոր ու ցաւալի հարց մը։ Ժամանակի մեծ թիւով խմբագրականներ եւ յօդուածներ կ՚արծարծէին Հայաստանէն աղքատացած գիւղացիներու հարցը, որոնք Պոլիս եկած էին աշխատելու եւ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը հոգալու։ Շատերը կ՚աշխատէին իբրեւ համալներ, ինչպէս Յակոբեանի նկարին մարդիկը, կ՚ապրէին թշուառ պայմաններու մէջ եւ կազմակերպուած էին աշխատաւորական միութիւններու մէջ (էսնաֆ)՝ իրենց շահերը պաշտպանելու համար։ Անոնց մեծամասնութիւնը Վասպուրականէն եւ Տարօնէն կու գար։ Դաւիթեան դիտել տուաւ, որ այս պանդուխտներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը բազմակողմանի էր, օրինակ բերելով պոլսաբնակ արուեստի ուսուցիչ Փիեթրօ Պելլոյի (1831-1909) մէկ ջրանկարը, որ կը պատկերէր Բերայի հայկական գերեզմանատան մը մէջ պարող ու նուագող խումբ մը հայ համալներ, որոնք մեռելոց կը նշէին։

Մինչ բազմաթիւ մտաւորականներ ժխտական վերաբերում ունէին պանդխտութեան հանդէպ՝ իբրեւ Հայաստանի բնակչութեան պարպումի նշան, Դաւիթեան նշեց վիպապաշտութենէն ազդուած նախորդ շրջանի մտաւորականներու խումբի մը եւ աւելի ուշ իրապաշտներու մօտեցումներուն միջեւ առկայ տարբերութիւնները։  Առաջին խումբին յատկանշական մէկ գործը, ուր պանդուխտները վիպապաշտ եւ գրեթէ կրօնական ակնոցով դիտուած էին, Մարտիրոս Խաչմերեանի գիրքն էր՝ «Կեանք հայ պանդխտաց» (Կ. Պոլիս, 1876)։ Իր գործին մէջ, Խաչմերեան պանդուխտները երեք դասակարգերու կը բաժնէ։ Առաջինը այն պանդուխտներն են, որոնք կը գաղթեն, չարաչար կ՚աշխատին, իրենց վաստակածը ընտանիքներուն կը ղրկեն եւ ի վերջոյ տուն կը վերադառնան։ Երկրորդ տեսակը կը դժուարանայ յարմարելու նոր միջավայրին, կը շահագործուի եւ չի յաջողիր բաւականաչափ շահիլ՝ տուն վերադառնալու համար, մինչ երրորդ դասակարգը ընտանիքն ու հայրենիքը կը մոռնայ եւ կ՚անհետանայ։ Դաւիթեան պնդեց, որ Խաչմերեանի գիրքին էութիւնը խտացած է անոր կողքին ներկայացուած «Մայր Հայաստան»ի նշանաւոր պատկերով, որ յղացուած էր իտալացի արուեստագէտ Միքելէ Ֆանոլիի կողմէ (1807-1876)՝ ըստ Մխիթարեաններու պատուէրին։ Ըստ այդ պատկերին, «Հայաստան» կը կանչէ զինք լքած զաւակները՝ հայրենիք վերադառնալու եւ զայն ծաղկեցնելու, հնամեայ երեւակայածին փառքը վերականգնելու համար։

Մինչեւ 1890ական թուականներու կէսերուն, պանդուխտներու նիւթը ամենէն աւելի արծարծուած հարցն էր պոլսահայ մամուլին մէջ։ Ֆրանսական իրապաշտութիւնը մեծապէս կ՚ազդէր պանդուխտներու՝ հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ աշխարհականացած ընկալումին վրայ, որ յատկապէս ակներեւ էր յառաջադէմ թերթերու մէջ, ինչպէս «Արեւելք», «Մասիս», «Երկրագունտ» եւ «Հայրենիք»։ Ընդգծուած էր պանդուխտներու հարցերուն լուծումներ գտնելու միտումը, որ կ՚երթար պարզ օժանդակութենէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը, մինչ կրթութիւնը կ՚ընդունուէր իբրեւ համընդհանուր դարման մը։ Պոլսոյ իրապաշտները գլխաւորաբար կեդրոնացած էին պանդուխտի քաղաքային փորձառութեան վրայ։ Արփիար Արփիարեանը (1851-1908)՝ ազդեցիկ գրագէտ, հանրային գործիչ եւ «Արեւելք»ի ու «Մասիս»ի, ապա «Հայրենիք»ի խմբագիր, արեւմտահայ իրապաշտութեան կնքահայրն էր։ Ան կեդրոնական դեր մը կը խաղար «կեանքը ինչպէս որ է» ներկայացնելու ծրագրին մէջ, որ նոյնպէս կարելի էր կիրարկել պանդուխտներու կեանքին նկատմամբ։ Պանդուխտներու իրականութեան հետ ամենախոր առնչութիւն ունեցած գրագէտը Հրանդն էր (Մելքոն Կիւրճեան, 1859-1915)։ Հրանդը անողոք քննադատ մըն էր պանդուխտներու հանդէպ պոլսահայ քաղքենիներու արհամարհանքին, որ նիւթ դարձաւ յօդուածներու եւ փորձագրութիւններու, որոնք ծանօթ դարձան «Պանդուխտի նամակներ» անունին տակ։ Սակայն, պանդուխտի հանդէպ համակրանքը հեռու էր պոլսահայ մամուլի ընդհանուր երեւոյթը ըլլալէ։

Դաւիթեանի դասախօսութեան վերջին մասը նուիրուած էր Պոլսոյ ուշ ԺԹ. դարու Պոլսոյ իրապաշտ նկարիչներու կողմէ՝ պանդուխտներու ներկայացումի տակաւին չհետազօտուած հարցին։ Ան յատկապէս կեդրոնացաւ Սիմոն Յակոբեանի, Պետրոս Սրապեանի (1833-1898) եւ Կարապետ Նշանեանի (1861-1950) գործերուն վրայ։ Դաւիթեան պանդուխտ մուրացկաններ ներկայացնող երկու նկարներ ցոյց տուաւ. Սրապեանի «Վանի հայ մուրացկանը» (1882), որ ցուցադրուած ու լաւ ընդունելութեան արժանացած է Պոլսոյ ABC ակումբին մէջ, կը պատկերէ տարիքոտ մուրացկան մը, որ ուղղակի դիտողին կը նայի՝ անոր կարեկցութիւնը հայցելով, եւ Յակոբեանէն ուրիշ նկար մը՝ «Մուրացկան կին մը Վանէն» (1889)։ Երկու գործերուն համեմատական մանրակրկիտ ընթերցումի մը ընդմէջէն, բանախօսը առաջադրեց կարգ մը նկատողութիւններ օսմանեան արեւելքէն եկող պանդուխտներու ընկալումին մասին՝ քաղաքային ընտրանիներու կողմէ, բայց նաեւ ժամանակաշրջանի ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական միջավայրի մասին։

Կարապետ Նշանեանի կոթողային (այժմ կորսուած) «Գաւառական հայկական հարսանիք Մուշի մէջ» (1890) նկարը մուծելով քննարկումին մէջ, Դաւիթեան սուր հակադրութիւններ մատնանշեց Արեւմտեան Հայաստանէն պանդուխտներու սովորական պատկերացումներուն հետ իբրեւ հարստահարուած համալներ եւ անօգնական մուրացկաններ։ Այսուհանդերձ, ան զգուշացուց, որ երեւոյթները խաբուսիկ էին եւ կոչ կը հանդիսանային՝ ուշադիր կարդալու այս գործերը, որոնք գաւառաբնակ հայուն ներկայացում մըն էին՝ արեւմտականացած քաղաքաբնակ մտաւորականի պրիսմակին ընդմէջէն դիտուած։ Նշանեանի մէկ այլ գործ՝ «Նամակի ընթերցումը», որ կը պատկերէր գաւառական հայկական տեսարան մը (հաւանաբար՝ Մուշի մէջ տեղադրուած) եւ ցոյց կու տար պանդուխտի մը նամակին ընթերցումը անոր անգրագէտ տարեց ծնողներուն, կ՚ապացուցէր Նշանեանի եւ այլ արուեստագէտներու շարունակական հետաքրքրութիւնը պանդուխտի կերպարին եւ փորձառութեան հանդէպ։ Դաւիթեան հրաւիրեց լսարանը, որ վերոյիշեալ երեւութապէս իրապաշտ գործերուն մէջ հաշուի առնէր այլաբանութեան գործածութիւնն ու ներկայութիւնը, ինչպէս եւ զօրաւոր վիպապաշտ ստորգետնեայ հոսանքներ, որոնք յաճախ օգտագործուած են կայսերական գրաքննիչներու աչքին իմաստներ քօղարկելու նպատակով։

Դաւիթեան եզրափակեց դասախօսութիւնը Յակոբեանի այլ նկարով մը՝ «Մշոյ համալի մը դիմանկար», որ տարեց պանդուխտի մը խորապէս հոգեբանական դիմանկարն էր։ Ան լսարանէն խնդրեց թափանցել նկարի խորքին մէջ, միաժամանակ ունկնդրելով երկու ժամանակակից բնագրերու հատուածներ։ Առաջինը Արփիարեանի մէկ յօդուածէն մէջբերում մըն էր, ուր գրագէտը կը քննարկէր բարեկամի մը հակազդեցութիւնը՝ Սրապեանի «Մանուկ աղբար» վերնագրուած նկարին հանդէպ, նկարիչի արուեստանոցին մէկ այցելութեան ժամանակ։ Երկրորդ հատուածը կու գար Հրանդի «Պանդուխտի նամակներ»ու առաջին նամակով։ Խորհրդանշական այս գրութեան մէջ, հեղինակը քնարական զգայնութեամբ հայրենիքէն խնձոր մը կը նկարագրէր, զոր կը համեմատէր Արեւմտեան Հայաստանէն պանդուխտի մը։

Ձեռնարկին վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, թոյլ տալով, որ կազմակերպիչներն ու հիւրերը, ինչպէս եւ Հայկական Ուսմանց Ծրագիրի անդամները կապ հաստատէին իրարու հետ եւ վայելէին այս առիթը։

Թարգմանութիւն` Վարդան Մաթէոսեանի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment