Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գորբաչով․ Պաշտօնիս Համար Չեմ Ափսոսար, Կ՛ափսոսամ, Որ Փլուզուած Է Խորհրդային Միութիւնը

Գորբաչով․ Պաշտօնիս Համար Չեմ Ափսոսար, Կ՛ափսոսամ, Որ Փլուզուած Է Խորհրդային Միութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ հարցուածներու շուրջ 71 տոկոսը կը համարուէ, որ կեանքի որակը խորհրդային շրջանին աւելի բարձր էր։ Այդ ցուցանիշով երկրորդ հորիզոնականին Ազրպէյճանն է՝ 69 տոկոսով։

Այս օրերուն Ռուսաստանի մէջ, նաեւ ԽՍՀՄ միւս նախկին հանրապետութիւններուն մէջ, կը վերյիշեն 25 տարի առաջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը եւ անոր յաջորդած պատմական իրադարձութիւնը՝ Խորհրդային կայսրութեան փլուզումը։

Ռուսական շարք մը ընկերաբանական կազմակերպութիւններ, անոնց կարգին՝ Համառուսաստանեան հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման կեդրոնը, հարցազրոյցներ կատարած են յետխորհրդային տարածքին մէջ, որուն արդիւնքով պարզած են՝ յետխորհրդային 9 երկրներու մէջ 35-է բարձր տարիք ունեցող մարդոց մեծ մասի կարծիքով, Խորհրդային Միութեան մէջ կեանքի որակն աւելի բարձր էր։

Ամենաբարձր ցուցանիշն այդ առումով արձանագրուած է Հայաստանի մէջ, ուր հարցուածներուն շուրջ 71 տոկոսն յայտնած է, թէ ի համեմատ անկախութեան տարիներուն, կեանքի որակը խորհրդային շրջանին աւելի բարձր էր։ Երկրորդ հորիզոնականին Ազրպէյճանն է՝ 69 տոկոսով։ Ուշագրաւ է հանգամանքը, որ Խորհրդային Միութեան վարկանիշը բաւականին բարձր է Հայաստանի եւ Ղրղըզստանի երիտասարդութեան շրջանակէն ներս։ Ի տարբերութիւն միւս յետխորհրդային երկրներուն՝ Հայաստանի եւ Ղրղըզստանի մէջ հարցուած երիտասարդներուն մօտ 50 տոկոսն յայտնած է, որ ԽՄԿԿ իշխանութեան շրջանին կեանքն աւելի բարւոք էր, քան այսօր։ Եւ դա այն պարագային, երբ հարցուածներն այդ տարիներուն նոյնիսկ տակաւին չէին ծնած:

1991 թուականի Օգոստոս 19-ը պատմութեան մէջ արձանագրուած է, որպէս օգոստոսեան պուտչի օր: Այդ օրը կոմունիստական կուսակցութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք համաձայն չէին Գորպաչովի «պերեստրոյկայի» քաղաքականութեան, ստեղծած էին արտակարգ դրութեան յանձնաժողով՝ նպատակ ունենալով պաշտօնանկ ընել ԽՍՀՄ նախագահ Միխայիլ Գորպաչովին եւ վերակենդանացնել մահացող կայսրութիւնը։

Այսօր այդ իրադարձութիւններուն անդրադարձած է նաեւ ինքը՝ Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Գորբաչովը։ «Ռիա Նովոսթի»-ի հետ ունեցած զրոյցին ան, մասնաւորապէս, յայտնածէ, թէ չ՛ափսոսար, որ Օգոստոս 24-ին յեղաշրջումին հետեւանքով ստիպուած եղաւ լքել ԽՄԿԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը: Անկեղծանալով, վերջինս, այդուհանդերձ, նշած է, թէ այդ որոշումը դժուարութեամբ ընդուած է։ «Իրավիճակն այն ժամանակ շատ-շատ բարդ էր։ Ըստ էութեան, երկիրը սկսած էր փլուզուիլ, եւ մենք կանգնած էինք քաղաքացիական պատերազմի վտանգին առջեւ։ Չեմ ափսոսար, որ հրաժարուած եմ այդ պաշտօնէն, կ՛ափսոսամ, որ փլուզուած է Խորհրդային Միութիւնը»,- յայտնած է Գորբաչովը։

Վերջինս Կոմունիստական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն հրաժարած էր պուտչէն մի քանի օր անց՝ Օգոսոտսի 24-ին, անկէ մի քանի ամիս անց ալ ստիպուած եղաւ հեռանալ նաեւ ԽՍՀՄ առաջին ու վերջին նախագահի պաշտօնէն։ Կորոպաչովն, ի դէպ, իր պաշտօնանկութենէն ետք բազմիցս յայտարարած է՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառներէն մէկը Ղարաբաղեան շարժումն էր: Վեց տարի առաջ «Ազատութեան» տուած բացառիկ հարցազրոյցին Գորբաչովն յայտնած էր՝ «Ինծի կը թուի՝ պէտք էր աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին, կարգավիճակ տալ։ Պէտք էր աջակցիլ յատկապէս տնտեսական առումով: Պէտք էր այնպէս կատարել, որ մարդիկ կարողանային հանգիստ կապ ունենալ Երեւանի հետ։ Ետքը, ի հարկէ, մենք Ղարաբաղին գումարներ յատկացուցինք, իսկ թէ ինչպէ՞ս ծախսուեցան այդ գումարները՝ տեղեակ չեմ»։ Ան աւելցուցած էր՝ «Այն ժամանակ, իմ առաջարկներուն ի պատասխան, կ՛ըսէին, որ ես կը սիրեմ հայերուն եւ չեմ սիրեր Ազրպէյճանցիներուն։ Ինչպիսի յիմարութիւն»:

Իրականին մէջ, ըստ ԽՍՀՄ վերջին ղեկավարին, 80-ականներուն Ղարաբաղը տխուր վիճակի մէջ էր, իշխանութիւններն ուշադրութիւն չէին դարձներ մարզի խնդիրներուն, նոյնիսկ հնարաւոր չէր Ղարաբաղէն կապուիլ, օրինակ, Երեւանի հետ։ «Ղարաբաղը չէին ֆինանսաւորեր»,- յայտնած էր Գորբաչով: 2010 թուականի Մարտին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Միխայիլ Գորբաչով նաեւ յայտնած էր՝ պէտք է ընել հնարաւորը՝ պատերազմէն խուսափելու համար, որովհետեւ, հակառակ պարագային, «ղարաբաղեան պատերազմին մէջ կը ներգրաւուին նաեւ գերտէրութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment