Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքագէտ. Թուրքիոյ Ձգտումը Վտանգաւոր Է՝ Ներգրաւուիլ Ղարաբաղի Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործին Մէջ

Քաղաքագէտ. Թուրքիոյ Ձգտումը Վտանգաւոր Է՝ Ներգրաւուիլ Ղարաբաղի Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործին Մէջ

by MassisPost

Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան վտանգաւոր կը նկատէ Թուրքիոյ ձգտումները՝ աշխուժօրէն ներգրաւուիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին։

«Իրօք շատ վտանգաւոր է եւ բացատրեմ՝ ինչու. Փութինի համար պայքարը Եւրամիութեան եւ ՆԱՏՕ-ի դէմ, դա կեանքի մակարդակի պայքար է։ Չգիտեն՝ ոնց ստացւեց, որ Փութինն այս մաշտաբի ատելութեամբ լցւած է այդ կազմակերպութիւնների նկատմամբ՝ Միացեալ Նահանգներ, ՆԱՏՕ, Եւրամիութիւն, բայց իրօք իր համար դա գերխնդիր է՝ ճնշել, ու Թուրքիան դա հասկացաւ», – «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց Քաղաքագէտը՝ նշելով, որ Ռուսաստանին կարելի է համոզել  մաս մը զիջումներու հասնիլ, եթէ Թուրքիան միանայ այդ հակա-եւրոպական քայլերուն։

Օգոստոս 10-ին, յիշեցնենք, Թուրքիոյ արտագին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, թուրքական TRT պատկերասփիւռի կայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը կը քննարկուի Ազրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսաստան ձեւով։ Թուրք նախարարը հաւաստիացուցած է, որ բոլոր կողմերուն համար հարցը այդ ձեւով քննարկելը ձեռնտու է։ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան Ս. Փեթերսպուրկէն վերադարձի ճամբուն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին եւս անդրադարձած է այս թեմային ու նշած, որ ատոր հաւանութիւն տուած են եւ՛ ռուսական, եւ՛ Ազրպէյճանական կողմերը: Թուրքիոյ նախագահին խօսքով` այս ձեւով համագործակցութեան նպատակն է մօտիկէն հետեւիլ տարածաշրջանուն մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն` մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

Գրիգորեանին խօսքով՝ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին Թուրքիան ու Ռուսաստանը կրնան ունենալ շատ օտ դիրքորոշումներ, սակայն, ըստ Քաղաքագէտին, այդ երկու պետութիւններն ունին այնքան տարաձայնութիւններ, որ այդ  զինակցութիւնը երկարաժամկէտ չի կրնար ըլլալ, բայց այսօրուան համար, ըստ Գրիգորեանին, այդ [համագործակցութիւնը] վտանգաւոր է։

«Հիմա ես մի սցենար ձեզ ասեմ, որի դէպքում Ռուսաստանը նոյնիսկ չի էլ մտածելու՝ ուղղակի մեզ կը ճնշի, կը փորձի ստիպել, որ մենք տարածքները հանձնենք Ազրպէյճանին. Թուրքիան ասում է՝ «Ռուսաստան, ես խուզում եմ Եւրամիութեան հետ միգրանտների հետ կապւած պայմանագիրը», որը կեանքի մակարդակի անհրաժեշտութիւն է Եւրամիութեան համար, ու «սառեցնում եմ ՆԱՏՕ-ի ծրագրերում իմ մասնակցութիւնը՝ ինչ-որ մի մասում»։ Ռուսաստանը դրա խաթր, կը ներեք էլի, իր տարածքից մի բան էլ կը տայ, ոչ միայն հայ ժողովրդի տարածքով… քանի որ գերխնդիր է այսօր Փութինի համար։ Նոյնն Ազրպէյճանը. Ազրպէյճանն ունի տալիք Ռուսաստանին, օրինակ, կ՛ասի՝ «ես Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ կը մտնեմ»։ Կամ Ազրպէյճանը համաձայնութիւն կը տայ, որ այդ բեռները Իրանով, Ազրպէյճանով մտնեն դէպի Ռուսաստան ու գնան դէպի Եւրոպա։ Դրանով Ռուսաստանը պարզ է չէ…», – յայտնեց քաղաքագէտը։

Հարցունին, թէ Հայաստանն ի՞նչ կրնայ ընել այս պարագաին, Գրիգորեան պատասխանեց. – «Հայաստանը կարող է անել շատ հասարակ բան՝ դադար տայ այդ քաղաքականութեանը, որի համաձայն մենք ամէն ինչ պարտքի դիմաց տալիս ենք Ռուսաստանին։ Իշխանութիւնները կարող են ուժեղացնել նաեւ ընդդիմադիր դաշտը, լաւ իմաստով եմ ասում, տան, որ հանգիստ մարդիկ գործեն, որ հանգիստ պայքարեն, որ ցոյց տայ Փութինին, որ տարբերակ չկայ, էս ժողովուրդը դէմ է էս ձեւի զիջումների, Հայաստանը դադարեցնի այդ կոռուպցիան, պայքարի կոռուպցիայի դեմ, որ բանակը կարողանանք պահել։ Հասկանում եք, Հայաստանը շատ բաներ կարող է անել, առաջի հերթին ես իշխանութիւնների մասին եմ ասում, քանի որ լծակներն իրենց ձեռքում են. դանդաղաշարժ, առաջինն, ու շատ անգամ ես չեմ էլ տեսնում, որ իրենք հասկանում են պետականամետութիւնն ինչ է, ասենք՝ պետական շահը որն է այս պահին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment