Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վտանգաւոր Տեղեկութիւններ Հայաստանի Էլեւմտական Ոլորտին Մասին

Վտանգաւոր Տեղեկութիւններ Հայաստանի Էլեւմտական Ոլորտին Մասին

by MassisPost

Global Financial Integrity ամերիկեան հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի դրամագլուխի անօրինական արտահոսքերու ուսումնասիրութեամբ, զեկոյց հրապարակած է, ուր կը նշուի, որ վերջին 10 տարիներուն Հայաստանին անօրինական կերպով դուրս բերուած է 9,8 միլիառ ամերիկեան տոլար:

Պատկերացնելու համար, թէ ինչ է 9.8 միլիառ տոլարը, կարելի է զայն համեմատել Հայաստանի արտաքին պարտքի հետ, որ 2016-ին կը հասնի 5 միլիառ տոլարի: Այսինքն՝ վերջին տասը տարիներուն Հայաստանէն դուրս բերուած է Հայաստանի արտաքին պարտքին երկու անգամը գերազանցող գումար:

Մինչ Հայաստանէն դուրս կը բերուի 9,8 միլիառ տոլար, Հայաստանի քաղաքացիները կը ստիպուին Հայաստանէն տարիներով հեռանալ, Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքը կարենալ պահելու համար: Այսինքն՝ 9,8 միլիառ տոլարը խթանած է արտագաղթը, որովհետեւ եթէ այդ գումարը Հայաստան մնար եւ ներդրուէր Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, կամ չխլուէր Հայաստանէն եւ անձնական ունեցուածքի տեսքով դուրս չբերուէր երկրէն, ապա Հայաստանի հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ երկրին մէջ ապրելու, աշխատելու, ստեղծելու, արժանապատիւ ապրելու եւ իրենց ընտանիքը պահելու հնարաւորութիւն կ’ունենային եւ ստիպուած չէին ըլլար մեկնիլ Ռուսաստան՝ արտագնայ աշխատանքի:

Այսինքն՝ 9,8 միլիառ տոլարը Հայաստանէն դուրս բերուած զուտ տնտեսական ներուժ մը չէ միայն, այլ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք , որ արտայայտուած է տնտեսական տեսքով՝ Հայաստանը դնելով 5 միլիառ տոլարի արտաքին պարտքի տակ, եւ ժողովրդագրական տեսքով՝ Հայաստանէն հեռացնելով քանի մը հարիւր հազար քաղաքացի:

Փաստացի, ամերիկեան կազմակերպութեան զեկոյցը պէտք է հիմք դառնայ Հայաստանի իրաւապահներու, ազգային անվտանգութեան կառոյցներուն համար՝ սկսիլ հետաքննութիւն, թէ որոնք, ինչ ճանապարհներով, ինչ աղբիւրներէ դուրս կը բերեն 9,8 միլիառ տոլարը եւ պէտք է պարզուի, թէ ինչ աղբիւրներու եւ ինչ տուեալներու հիման վրայ կը կազմուի ամերիկեան կառոյցի զեկոյցը:

Թէեւ խօսքը հասարակական կառոյցի մասին է, այդուհանդերձ այն հնչեցուցած է Հայաստանի համար բոլոր առումներով շատ կարեւոր տեղեկատուութիւն մը, հետեւաբար Հայաստանի իրաւապահ եւ անվտանգութեան համակարգը պարտաւոր են արձագանգել այդ տեղեկատուութեան, առնուազն դիմելով այդ կազմակերպութեան զեկոյցի հեղինակներուն:
Նիւթի աղբիւր ՝ «Առաջին լրատուական» կայք

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment