Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը Մտադիր է Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Գործողութիւններ Կատարել

Ընդդիմութիւնը Մտադիր է Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Գործողութիւններ Կատարել

by MassisPost

Այսօր երեկոյեան «Ազատութեան» հրապարակին վրայ սկիզբ առած բողոքի հաւաքը հակառակ տեղատարափ անձրեւին երթի վերածուեցաւ: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Երեւանի տարբեր հիմնական փողոցները իշխանութեան դէմ վանկարկումներ ընելով եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը պահանջելով:

Ցուցարարներուն անունով խօսելով «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեան ըսաւ, թէ այս բողոքի հաւաքները յաճախակի պիտի ըլլան եւ ցուցարարները իրենց բողոքը պիտի արտայայտեն տարբեր եղանակներով: «Մեզի համար կարեւոր է իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ ընդունելի չէ բռնի ուժ գործածել «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց եւ մենք այդ նպատակին համար պատրաստ են ամէն օր բողոքի հաւաքներ ընել»:

Իր կարգին հաւաքի կազմակերպիչներէն՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այսօրուան անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ իրենք չկարողանան Խորենացի փողոց հասնիլ ու նշեց, որ իրենք վճռած են այս պայքարը շարունակել: Մարտիրոսեան ցոյցին մասնակիցներուն յորդորեց տուն երթալ եւ կոչ ըրաւ վաղը երեկոյեան ժամը եօթին «Ազատութեան» հրապարակ գալ:

Երեւանի մէջ ձերբակալութիւնները կը շարունակուին
12 Օրն է արդէն, որ կը շարունակուի Էրէբունիի տագնապը: Նշենք, որ երէկ գիշեր իրադրութիւնը խաղաղ եղած է Խորենացի փողոցին վրայ: Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, որն աւելի ուշ ազատ արձակուած է: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Հակաճգնաժամային խորհուրդ»ի անդամներ ՝ Ալեք Ենիգոմշեան, Արմէն Մարտիրոսեան, Դաւիթ Սանասարեան , Եղիշէ Պետրոսեան եւ ուրիշներ, որոնք բերման ենթարկուած էին բոլորն ալ ազատ արձակուած են: «Նախախորհրդարան»ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան եւ Կիւմրիի «Ասպարէզ» լրագրողական ակումբի նախագահ՝ Լեւոն Բարսեղեան կը շարունակեն մնալ անազատութեան մէջ:

Ձերբակալուեցաւ Ազատամարտիկ Ալեք Ենիգոշեան

Ձերբակալուեցաւ Ազատամարտիկ Ալեք Ենիգոշեան

Ըստ News.am-ին Ենիգոմշեան կրնայ մեղադրուիլ ՊՊԾ կեդրոն մուտք գործած «Սասնայ ծռեր» խումբին օժանդակելու մեղադրանքով: Նշենք, որ Ենիգոշմեանի փաստաբան Նիկոլայ Պաղտասարեանի ըսելով, իր պաշտպանեալին դէմ եղած գործողութիւններուն մէջ կան անօրինական կէտեր եւ այդ առումով ինք այսօր դիմում երկայացուցած է Հայաստանի «Մարդու իրաւոնքներու պաշտպան»ին (ՄԻՊ) եւ այդ առումով կը սպասէ յստակեցումներ: Այլ գետնի վրայ կը հաղորդուի, որ երէկ Խորենացի փողոցէն բերման ենթարկուած են 66 անձեր, որոնց 5-ը ներկայացուած է քննչական կոմիտէ: Յիշեցնենք, որ բերման ենթարկուողներու մէջ եղած է գանատահայ դերսանուհի Արսինէ Խանճեան, որ աւելի ուշ ազատ արձակուած է:

Հայրենի լրատուական աղբիւրներ յայտնեցին, որ երէկ վիրաւորուած Արամ Մանուկեան փոխադրուած է «Կալանաւորեալներու հիւնադանոց» եւ ան կը գտնուի հսկողութեան տակ: Բժիշկները նաեւ ըսած են, որ Մանուկեանի վիճակը կայուն է: Նշենք, որ Արամ իր հօր ՝ Պաւլիկ Մանուկեանի հետ վիրաւորուած էր ՊՊԾ տարածքին ուղղութեամբ եղած փոխ հրաձգութեան ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment