Home ԳՐԱԿԱՆ «ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ» (Համբարձում Պոյաճեան)

«ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ» (Համբարձում Պոյաճեան)

by MassisPost

murad-bookԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

Ահաւասիկ նոր հատոր մը` «Մեծն Մուրատ (Համ բարձում Պոյաճեան)». ուրեմն` ողջոյն:

Ահաւասիկ նոր մատենաշար մը` «Հրասիրտները». ուրեմն` կրկնակի ողջոյն:

Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան հետեւողական եւ բարե խիղճ պրպտումներով յաճախ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան ծալքերուն վերաբերող հատորներ ու յօդուածներ: 129 տարիներ երկարող յեղափոխական-քաղաքական-գաղափարական կազմակերպութեան մը պատմութիւնը բնականաբար պիտի ունենայ չլուսաբանուած էջեր ու
դէպքեր, անոր բովէն անցած պիտի ըլլան օրինակելի տիպարներ եւ ոգեշնչող հերոսներ: Այդ շարքէն ցայտուն անձնաւորութիւն է Մեծն Մուրատ, որ եղած է նորատիպի հեղինակին լուրջ եւ խորազնին ուսումնասիրութեան թեման:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտին կողմէ Երեւանի մէջ հրատարակուած հատորը կը բաղկանայ 248 էջերէ: «Որպէս Նախաբան» ներածական խօսքը գրած է նոյն ինստիտուտին տնօրէն, դոկտ. փրոֆեսոր, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան, որ կը նշէ. ««Մեծն Մուրատ» գրքով Եղիկ Ճէրէճեանը շնորհակալ գործ է կատարել` ընթերցողին ներկայացնելով Մեծն Մուրատ յեղափոխականին, ազգային-քաղաքական գործիչին, նուիրեալ հայրենասէրին, ամբողջական եւ վաւերական Մուրատին»:

9 գլուխներ ունեցող մենագրութիւնը յաջող նախաձեռնութիւն մըն է մեծ յեղափոխականին ամբողջական կերպարը վերհանելու եւ առաւել հանրաճանաչ դարձնելու` անոր ծնունդէն (1860) մինչեւ նահատակութիւն (1915): Գլուխները վերնագրուած են` «Ծնունդ, Աշխարհագրական Եւ Ընտանեկան Միջավայր», «Կ. Պոլսոյ Յեղափոխական Շարժման Մէջ Գում Գաբուի Ցոյցը», «Մեծն Մուրատ` Սասունի Ապստամբապետ», «Մուրատի Ձերբակալութիւնը, Աքսորը Եւ Փախուստը Աքսորավայրէն», «Մուրատի Արտասահմանեան Գործունէութիւնը», «Վերադարձ Դէպի Կ. Պոլիս», «Մուրատ` Օսմանեան Խորհրդարանի Անդամ», «ՍԴՀԿ Է. Համագումարը Եւ Քսան Կախաղանները», «Մուրատի Նահատակութիւնը»:

Ինչպէս կը պարզուի, ընթերցողին տրամադրուած է կենսապատումը առաւելաբար Սասնոյ Ա. Ապստամբութեան հետ առնչուած Մեծն Մուրատի, որ իր անջնջելի կնիքը թողած է ժամանակակիցներու թէ յետնորդ սերունդներուն վրայ` իր խիզախութեան, նկարագրային բնորոշ գիծերուն, ընկերային-քաղաքական հայեացքներուն եւ բոլորին հետ լեզու գտնելու հնարամտութեան պատճառներով:

Հատորին հեղինակը փաստերու տուեալներով երեւոյթ մը վերլուծելու առընթեր, յաճախ կը կատարէ մտորումներ. «Սասնոյ ապստամբութենէն ետք, ժողովուրդին աչքին Մուրատ կը դառնայ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը խորհրդանշող հերոսը: Այդ պայքարին իրենց իսկական թէ յեղափոխական ծածկանուններով մէկէ աւելի անձնուրաց Մուրատներ մասնակցած են: Ժողովուրդը սովորաբար այդ Մուրատները իրարմէ զանազանած է անոնց ծննդավայրերով: Սակայն Հաճընցի Մուրատի պարագային նախընտրած է զայն տարբերել այլ ձեւով` Մեծն Մուրատ:

Միակ պատուանշանը` զոր Մուրատ երբեւիցէ ստացած է իր կեանքի ընթացքին» (էջ 68):

Միջին ընթերցողին համար մատչելի լեզուով գրուած եւ բազում ուշագրաւ մէջբերումներով յագեցած հատորին հետաքրքրական բաժիններէն է Մուրատի ձերբակալութիւնը, աքսորը, աքսորավայրէն փախուստը, բանտային տաժանելի պայմաններուն նկարագրումը (էջ 71-98): 5-րդ գլուխով` Մուրատի արտասահմանեան գործունէութեան յատկացուած (Փարիզ, Եգիպտոս, ԱՄՆ, Գանատա), հարազատօրէն կը նկարագրուի Մուրատի հետեւողական ջանքերը հայ յեղափոխական ուժերու միասնականութիւն ստեղծելու կապակցութեամբ, յատկապէս` ՀՅԴ-ի, Վերակազմեալ Հնչակեաններու, ՍԴՀԿ-էն հեռացածներու եւ յուսալքեալներու հետ: Ան կոչերով, դասախօսութիւններով, հրապարակային ելոյթներով, նամակներով, հանդիպումներով կը փորձէ գոյացնել յեղափոխական ուժերու ճակատ մը, համախմբել գործօն եւ առողջ տարրերը: Այս առումով, կը հանդիպի խոչընդոտներու, յաճախ արհեստական, երբեմն` անտեղի խծբծանքներու: Իր շուրջ ստեղծուած Սասնոյ առասպելական հերոսի տիպարը ակնածանք կը պատճառէ ամէնուր. կ՚ըլլայ խորհրդանիշ մը ժողովրդային շրջանակներու աչքին: Եղիկ Ճէրէճեան օրուան հայկական մամուլէն բազմաթիւ քաղուածքներ եւ ուշագրաւ վկայութիւններ կը կատարէ: Հետաքրքրական է ՀՅԴ-ի դիրքը` որ Մուրատի մեկնած եղբայրական ձեռքը կը մերժէ` մինչ երիտթուրքերու հետ կը լծուի համագործակցութեան: Ան կը գրէ. «Մուրատի համերաշխութեան կոչը, ՀՅԴ-ի ժխտական պատասխանը եւ նոյն պահուն գործակցութեան տրամադրութիւնը երիտթուրքերուն հետ, յաջորդող տարիներուն երկարօրէն կը քննարկուին եւ բանավէճերու նիւթ կ՚ըլլան հայ մամուլին մէջ» (էջ 108):

6-րդ եւ 7-րդ գլուխները կը վերաբերին Մուրատի եւ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի Սոֆիայի ճամբով Պոլիս վերադարձին (1908) (օսմանեան սահմանադրութենէն ետք) եւ Մուրատի խորհրդարանական գործունէութեան որպէս օսմանեան առաջին Խորհրդարանի երեսփոխան (1908-1912): Ատանայի նահանգին Գոզան շրջանէն ան քուէարկողներու մեծամասնութեամբ ընտրուած էր երեսփոխան: Հեղինակը պոլսահայ մամուլին միջոցաւ ընդարձակ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Խորհրդարանի օրակարգերուն, անոնց նկատմամբ հայոց դիրքորոշումներուն, Մուրատի կեցուածքներուն շուրջ: Հոս կը տեսնենք անոր քաղաքական գործունէութեան ոլորտը, համոզումները որպէս ընկերվարական, ժողովրդանուէր, յեղաշրջիչ եւ արդարամիտ գործիչ: Ան խիստ քննադատն է Իթթիհատին եւ յետադիմական ուժերուն. իր յանդուգն որոշումները դրական համբաւ մը կ’ապահովեն Մուրատի: Բազմաթիւ հրատապ խնդիրներու շուրջ ան կը ցուցաբերէ քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ համարձակութիւն, ինչպէս` հայոց օսմանեան բանակի ծառայութեան, Ատանայի 1909-ի ջարդերուն, գոյքերու եւ կալուածներու, տուրքերու, հանրային կրթութեան, աղջիկներու ամուսնութեան տարիքի, արհեստակցական ընկերութեանց, բանուորական իրաւունքներու, կաշառակերութեան, անպարկեշտ պաշտօնէութեան, դատարկապորտներու եւ այլն: Յիշարժան է անոր հնարամտութիւնը Ատանայի կոտորածին տեղեկագիրը ապահովելու անակնկալօրէն մահացած երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի գրասենեակէն, ինչ որ պատմական կարեւորագոյն փաստաթուղթ մըն է այդ կոտորածին մանրամասնութեանց շուրջ:

1914-ին կը կայանան երեսփոխանական նոր ընտրութիւններ: Մուրատի նկատմամբ նիւթուած խարդաւանքները պատճառ կ՚ըլլան որ ան դուրս մնայ քաղաքական այդ ամպիոնէն: Սակայն ան կը շարունակէ ազգային-հասարակական եռուն գործունէու թեամբ զբաղիլ:

8-րդ գլուխը Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Է. համագումարին, Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն մասին է, նաեւ` Մուրատի կուսակցական գործունէութեան վերջին փուլին` մինչեւ 24 Ապրիլ 1915-ին սկսած ձերբակալութիւններ եւ աքսոր դէպի Այաշ:

Վերջին գլուխը սրտաճմլիկ եւ յուզիչ այն դրուագներն ու վկայութիւններն են, որոնք կը վերաբերին Մուրատի կեանքի վերջալոյսին, տառապանքներուն, տմարդի չարչարանքներուն Կեսարիոյ բանտին մէջ եւ կախաղանումին: Անհնար է հոգեխռով տրամադրութեամբ չկարդալ այս բաժինը, թէ ինչպիսի՜ գազանային միջոցներով Կեսարիոյ հրապարակին վրայ կախաղանուեցաւ երէկի լեկենտար հերոսն ու քաղաքական գործիչը: Ըստ Մուրատի միւս կենսագիրին` Սիրվարդի, Մուրատ կ՚ըսէ. «Եթէ ցաւ մը ունիմ, այդ այն է` թէ ինչո՞ւ զէնք չի վերցուցինք, ապստամբութեան չի դիմեցինք, կռուի դաշտը չինկանք, փոխանակ այս ծուղակը իյնալու… ինչ որ է, այս սեւ օրերը պիտի տեսնենք, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք մարտիրոսուելու, որ հայը ապրի…» (էջ 232): Անոնք որոնք ականատեսներն են եղած Մուրատի վերջին օրերու կտտանքներուն` ինչպիսի՜ դառնութեամբ եւ յուզմունքով փո խանցած են իրենց զայրոյթն ու կսկիծը: Կ’իմանանք նաեւ, թէ ինչպիսի գրողներ, գործիչներ, չէզոք գրիչներ բարձր գնահատած են Մուրատի դրական, բարեհամբոյր եւ արի նկարագիրը` Արփիար Արփիարեանէն մինչեւ Վահան Թէքէեան, Աւետիք Իսահակեան, Բիւզանդ Քէչեան, Կարապետ Գաբիկեան, Երուանդ Օտեան եւ ուրիշներ:

«Որպէս Վերջաբան»ին մէջ Եղիկ Ճէրէճեան կը գրէ. «Յեղափոխական եւ շրջահայեաց. հպարտ եւ «վեհերոտ կարծուելու չափ համեստ». ղեկավար եւ պարզ զինուոր. համոզուած կուսակցական եւ համագործակցութեան ջերմ ջատագով: Մուրատ սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորէն: Իր զէնքի ընկերները պաշտամունքի հասնող հաւատարմութիւն մը ունեցան անոր հանդէպ» (էջ 234):

Գիրքը ունի հազուագիւտ լուսանկարներ Մուրատի կեանքէն, հատորին հետ առնչուած դէմքերու եւ այլն: Հեղինակը մեծապէս օգտուած է պատմագիտական գրականութենէ (հայ եւ օտար), բազմաթիւ հայկական թերթերէ, մամուլէ, արխիւներէ եւ փաստաթուղթերէ: Կարելի է ըսել որ սա Մուրատի ամբողջական կերպարը հարազատօրէն փոխանցող մատեան է` ընթերցելու արժանի: Նախապէս նման աշխատութիւն եղած է Սիրվարդի (Եղիա Գրիգորեան) կողմէ 1955-ին Փրովիտենս (ԱՄՆ), վերահրատարակուած 1991-ին` Երեւան:

Հատորի աւարտին կայ հեղինակին կենսագրութիւնը: Հատորը սրբագրած եւ խմբագրած է Եփրեմ Թոքճեան (Թօրոնթօ, Գանատա):

Կը սպասենք «Հրասիրտները» մատենաշարի յաջորդ մենագրութեանց, որոնք նոր սերունդներուն պիտի փոխանցեն հայ ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ ինկած անզուգական նահատակներուն սխրանքները:

Վարձքը կատար ժրաջան եւ պրպտուն հեղինա կին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment