Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018-ին Իրանահայ Միութիւնը հիւրընկալեց Արցախի Սրբազան առաջնորդ՝ Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, կլէնտէյլի իր կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր հայրերու ներկայացուցիչները եւ իրանահայ Միութեան վարչութիւնն ու անդամները:
Բարի Գալուստի իր խօսքով ներկայացաւ Իրանահայ Միութեան նախագահ՝ Յովիկ Գաբիգեան եւ յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան հօր իր բոլոր առաքելութիւններուն մէջ:
Ներկաները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան հօր՝ Արցախեան պատերազմի ընթացքին տուած իր հոգեւոր եւ բարոյական նեցուկին՝ ըլլայ հայ զինուրին եւ ըլլայ հայ ընտանիքին:
Տեղի ունեցաւ թեթեւ հիւրասիրութիւն:
թղթակից