Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով, Քէոլնի մէջ, Տինքի յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յայտնի մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիրը` յայտարարելով, որ Տինքը սպաննողը թրքական պետութիւնն է:
«Տինքի սպանութեամբ Թուրքիոյ մէջ ժամանակը ետ գնաց: Թուրքիոյ մէջ հիմա նոյնիսկ մամուլը ազատ չէ»,- ըսած է Ճեմ Օզտեմիր:
Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան Ռակիպ Զարաքօլու, իր հերթին, նշած է, որ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպողները մէկ բան հաշուի չէին առած, որ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ խղճի պայթիւն պիտի առաջացնէ: «Այս առումով Հրանդ Տինքը իր մահով Թուրքիոյ մէջ շատ բան փրկեց»,- ըսած է Զարաքօլու: